2008-11-16 15:28:25

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կայքէջի հարցազրոյցը Հայաստանի, Արեւելեան Եւրապայի, Իրանի եւ Յունաստանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Նշան Արք Քարաքէհէեանի հետ


Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի մէջ Արհի. Նշան Արք. Քարաքէհէեան Առաջնորդը Հայաստանի, Արեւելեան Եւրապայի, Իրանի եւ Յունաստանի, անցեալ 30 Հոկտեմբեր 2008ին, հանդիպում մը ունեցաւ պատրիարքարանի կայքէջի քարտուղարութեան հետ, եւ զեկուցեց Հայաստանի, Իրանի եւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի իրավիճակի մասին։

Սկսելով Հայաստանէն, Գերապայծառ Հայրը յայտնեց թէ Հայաստանի մէջ այսօր կան մօտաւորապէս 180.000 Հայ Կաթողիկէներ, որոնք կը գտնուին տարբեր քաղաքներու մէջ, ի մասնաւորի Շիրակի եւ Տաշիրի մարզերուն մէջ։ Արհի առաջնորդը խօսեցաւ կարգ մը դժուարութիւններու մասին, որոնցմէ են. կոչումներու պակասը, որ արգելք կը հանդիսանայ հասնելու եկեղեցասէր ժողովուրդին նաեւ գիւղերու մէջ ապրող հայերու տագնապալից վիճակին մասին։ Ընկերային գետնի վրայ, ժողովուրդի մէկ մասն է, որ կարողացած է բարելաւել իր կեանքը, իսկ մեծ մասը տակաւին կապրին ծանր պայմաններու տակ, ջուրի, ելեկտրականութեան, ջերուցումի եւ յատկապէս գործի պակասութեան սուր հարցերուն ներքեւ։

Գալով Իրանի, Գերապայծառ Հայրը յայտնեց թէ ներկայիս Իրանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէ 100 ընտանիք։ Համայնքը ունի իր ծերանոցը եւ Հայ Կաթողիկէ Ալիշան վարժարանը։ Իրանի մէջ կայ նաեւ Կասպից ծովու շուրջ կարուցուած ճամպարը, ուր կը գտնուի 200 վիլլաներ, որոնցմէ 180-ը կը պատկանի Հայ ընտանիքներու։ Իրանի կառավարութիւնը հայերուն տուած է ազատութիւն Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս եւ արտօնած է հայկական եւ եկեղեցական տօներու յիշատակումը։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Յունաստանին, Արհի Քարաքէհէեան ըսաւ որ Աթէնքի հայ Կաթողիկէ թեմը հիմնուած է 1925-ին Քափուչեան վարդապետ՝ Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանի ջանքերով, որ 1938-ին ղրկուեցաւ Գամիշլի եւ հոն հիմնեց Հայ Կաթողիկէ Թեմը։ Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ Թեմը կը հաշուէ այսօր 70 ընտանիք, որոնք կը գտնուին Աթէնքի եւ Փիրիա քաղաքներուն մէջ։ Հայ ընտանիքներու Աթէնքի կեդրոնէն հեռու ըլլալը դժուարութիւն կը ստեղծէ զանոնք համախմբելու Կիրակի օրուան Պատարագին, որուն կը մասնակցին նաեւ լատինները իրենց յատուկ եկեղեցին չունենալու պատճառով։ Փիրիայի մէջ կը գտնուի նաեւ Սրբուհի Թերեզայի Եկեղեցին, ուր տարին մէկ անգամ կը մատուցուի Ս Պատարագ Սրբուհիին անուան տօնին առիթով։

Տարբեր երկիրներու առաջնորդ ըլլալով, Գերապայծառը խօսեցաւ դժուարութիւններուն մասին, որոնցմէ ամենակարեւորը հսկայ հեռաւորութիւնն է երկիրներու միջեւ։ Նոյնիսկ հեռաւորութիւնները նոյն երկրի տարբեր քաղաքներու միջեւ կը պայմանաւորեն ժողովուրդի մասնակցութիւնը եկեղեցական կեանքին։ Այս մտահոգութենէն մղուած, Գերապայծառ Քարաքէհէեան նշեց կարելիութիւնը այդ երկիրները բաժնելու, եւ իւրաքանչիւրին նշանակելու առաջնորդ հովիւներ, աւելի արդիւնաշատ առաքելութեան համար։ Այս թեմերուն մէջ, Գերապայծառ Հօր հետ գործակցող եկեղեցական դասը կը բաղկանայ հինգ ամուսնացեալ քահանաներէ, հինգ Սալէզեան կրօնաւորներէ եւ չորս կուսակրօն քահանաներէ։ Մեկնելով կեանքի զանազան փորձառութիւններէն որոնք մարդս կը հասունցնեն, Գերապայծառը արժեւորեց վարդապետները իբրեւ Եկեղեցւոյ ընտանիքի ամենակարեւոր մասնիկները։ Իր զրոյցի աւարտին Արհիապատիւ Հայրը Հայ կաթողիկէ պատրիարքի կայքէջին մաղթեց յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն։



Լուրեր հայրենի կեանքէն

Հայաստանի պաշտօնեաները չեն արտայայտուած եւ երբեք պիտի չարտայայտուին Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի գործընթացը դադրեցնելու օգտին այսպէս յայտնած է Հ Հ Արտաքին գործոց նախարար՝ Եդուարդ Նալպանտեան աւելցնելով նաեւ թէ Հայաստան չի կրնար հանդուրժել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան որեւէ դրսեւորում։








All the contents on this site are copyrighted ©.