2008-11-16 15:29:06

Լուրեր հայ կեանքէն- Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի ուղեցոյցի լոյս ընծայումը

Հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղեցոյցը մօտ ապագային հանրութեան պիտի ներկայացուի


Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի ուղեցոյցի լոյս ընծայումը

Հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղեցոյցը մօտ ապագային հանրութեան պիտի ներկայացուի ։ Նաեւ յառաջիկային տուն-թանգարանը պիտի վերահրատարակէ Թումանեանի ստեղծած անհատական խաղերէն մէկը՝ Հայաստան առասպելի լոթոն, որ անցեալ տարի հրատարակուած եւ շատ շուտ սպառած էր։ Մէկ ամիսէն պիտի հրատարակուի նաեւ Հայոց գետեր խաղը, որ պատմական Հայաստանի գետերու մասին գիտելիք փոխանցող խաղ մըն է։ Այս տարի կը նախատեսուի կազմակերպել երկու հանդիսութիւն, առաջինը դեկտեմբերի սկիզբը՝ պիտի կազմակերպէ Սիամանթօ եւ Յ. Թումանեան գրական սալոնը։ Ընտրուած է Սիամանթօ, որովհետեւ այս տարի Սիամանթոյի 130-ամեակն է, բայց այդ՝ երկու գրողները միշտ հանդիպած են Թիֆլիսի մէջ եւ եղած են լաւ ընկերներ։ Իսկ երկրորդ հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ տարեվերջին եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Չարի վերջ հեքիաթի 100-ամեակին։



Հին ժամանակներու թուղթերը - 5 հազար տարիներ առաջ, Միջագետքի մէջ, թուղթի փոխարէն սումերցի վաճառականները իրենց հաշիւները կ`արձանագրէին կաւէ տախտակներու վրայ։

- Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ մէջ տարբեր տեսակի արմաւենիներու տերեւները կը գործածուէին վրան գրելու համար։

- Եգիպտացիներն են, որոնք 5 հազար տարի առաջ յղացած են գաղափարը պապիրոսի (բոյս մը) կոթերը գործածելու՝ դիւրաթեք թուղթ մը շինելու համար։ Պապիրոսը այդ շրջանին մէջ շատ տարածուած բոյս մըն էր։

- Ամէնէն կարեւոր գրութիւնները, ինչպէս՝ օրէնքները, կը փորագրուէին քարերու վրայ, որոնք աւելի տոկուն էին եւ կը դիմանային ժամանակի թաւալումին։

100 հատորնոց հանրագիտարան - Փեքինի մէջ լոյս տեսած է 100 հատորնոց Չինաստանի մեծ հանրագիտարանի առաջին մասը։ Աննախադէպ ծաւալով այս համայնագիտարանին վրայ աշխատանքը սկսած է 1992 թուականին եւ այժմ Փեքինի մէջ հրատարակուած են առաջին 49 հատորները, որոնք աւելի քան քսան հազար հնագոյն գիրքերու եւ հնադարեան ստեղծագործութիւններու հիման վրայ կը պատմեն չինական քաղաքակրթութեան բոլոր շրջաններուն մասին՝ սկսած խոր հնադարէն մինչեւ 20-րդ դարի սկիզբը։ Հնադարի եւ միջնադարի հեղինակներու ստեղծաոգրծութիւններէն զատ, որոնք հրատարակութեան հիմքն են, հանրագիտարանը կ`ուղեկցի արդի դարաշրջանի չինացի գիտնականներու բազմաթիւ յօդուածներով։ Չինաստանի կառավարութիւնը հանրագիտարանի պատրաստութեան համար տրամադրած է 55 միլիոն ամերիկեան տոլարի։ Այս վիթխարի հրատարակութեան յաջորդ 51 հատորներուն լոյս ընծայումը նախատեսուած է մինչեւ 2010 թուականը








All the contents on this site are copyrighted ©.