2008-11-15 13:40:14

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


 Շաբաթ նոյեմբեր 15, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեցաւ աշխարհականներու քահանայապետական լիանիստ ժողովին մասնակցողները թիւով 90 հոգի։ Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. Տիրոջ այգիի մեծ աշխատանքին նաեւ կանչուած են աշխարհական հաւատացեալները, Ս. Կոյս Մարիամի նման աշխարհական հաւատացեալները հրաւիրուած են իրենց ՛՛այո՛՛ն ըսելու Աստուծոյ կանչին։ Այս հեռանկարով, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր տարած աշխատանքին համար, աշխատանք մը որուն վերջին նպատակը Աստուծոյ փառքը ու եկեղեցւոյ պայծառութիւնն է։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեցաւ առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ ժողովին մասնակցողները թիւով 450 հոգի։ անոնց ուղղած հայրական խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս գնահատեց բոլոր բժիշկները որոնք նուիրուած են հիւանդ մանուկներու խնամատարութեան։ Մասնաւորապէս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հռոմի Մանուկ Յիսուսի նուիրուած հիւանդանոցի անձնակազմին ու հիւանդ մանուկները խնամող կաթողիկէ բազմաթիւ առողջապահական հաստատութիւններուն, որոնք հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի Բարի Սամարացիի օրինակին ու տոգորուած եղբայրսիրութենէն ամէն ճիգ կը թափեն ամոքելու երախաներու մարմնական ու հոգեկան ցաւերը, այդ մանուկները միշտ եղած են Բարեխնամ Աստուծոյ նախասիրեալները։ Աստուածածինը` մայրը ամէն անհատի, թող հսկէ հիւանդներու վրայ ու պաշտպանէ բոլոր անոնք որոնք մարդկային փութկոտութեամբ ու աւետարանական հոգիով կը խնամեն

մանուկ հիւանդները։








All the contents on this site are copyrighted ©.