2008-11-15 13:29:04

Կիրակի 16 Նոյեմբեր 2008 Առաջին Կիրակի Յիսնակաց

Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի՚ (Ղուկաս 11, 1-13)


Քրիստոսի այս խօսքերը մեծ յոյսով կը լեցնեն մեր սրտերը։ Բայց ուշադիր, Յիսուս չ՛ըսեր թէ ինչ որ խնդրէք պիտի տրուի ձեզի, որովհետեւ ուրիշ տեղ մըն ալ կ՛ըսէ թէ Աստուած լաւ գիտէ մեր կարիքները եւ մեզի կու տայ այն ինչ որ հարկաւոր է մեզի։

Կրնանք խնդրել իրմէ առողջութիւն. Շատերու գլխաւոր խնդրանքն է արդէն այդ մէկը, որովհետեւ ամէնքս ալ պէտք ունինք առողջ ըլլալու եւ մնալու մեր կեանքի ընթացքին. այլապէս տխուր եւ անմխիթար կ՛ապրինք, նոյնիսկ եթէ հաւատք ունինք եւ կը մնանք մեր կրօնքին կապուած։

Կրնանք խնդրել իրմէ յաջողութիւն մեր գործերուն եւ ձեռնարկներուն մէջ. Ոչ ոք ուրախ կ՛ըլլայ եթէ իր գործերը անյաջող ընթանան կամ թէ իր ծրագիրները ջուրն իյնան։ Ամէնքս ալ կ՛ակնկալենք որ Աստուած օգնէ մեզի եւ բանայ դռները մեր առջեւ, որպէսզի մեր բոլոր ձեռնարկները յաջողութեամբ պսակուին։

Կրնանք խնդրել իրմէ բարօրութիւն, որպէսզի կարենանք հանգիստ ապրիլ մեր տուներուն մէջ, պաշտպանուած բնութեան չար փորձանքներէն ինչպէս նաեւ չարագործներու մատուցած աւերներէն. առանց մտահոգութեան առօրեայ ապրուստին, կամ ապագայի անորոշ վիճակին։

Կրնանք խնդրել իրմէ զանազան բարիքներ որպէսզի կարենանք աւելի դիւրին կեանք մը ունենալ, վայելելով իր իսկ ընծայած առաւելութիւնները մարդկութեան։

Մէկ բան սակայն հարկ է ունենալ մեր մտքին մէջ. Ինչ որ խնդրենք, Աստուած անմիջապէս եւ շուտով պիտի չի գործադրէ, որովհետեւ իր հաշիւները տարբեր են մերիններէն. Թերեւս մեր խնդրածը օգտակար չէ մեր անձին, կամ թերեւս այսօր եթէ շնորհէ նուազ օգտակար պիտի ըլլայ քան եթէ ուշացնէ մեր խնդրանքին կատարումը։

Ուստի իրաւունք չունինք գանգատելու եւ ըսելու թէ Աստուած մեզ լքած է եւ մեր խնդրանքներուն կարեւորութիւն չի տար, ուստի աւելորդ է աղօթել. Այսպէս մտածողը կրնայ հաւատքն ալ կորսնցնել, Աստուծոյ վրայ իր յոյսը կորսնցնելէ ետք։

Մեր խնդրանքները պէտք չէ ըլլան միայն անձնական, կամ ընտանեկան կամ հասարակութեան մը պատկանող, այլ պէտք է անցնին սահմանները մեր շրջանակին եւ ընդգրկեն քաղաքներ, երկիրներ եւ ամբողջ աշխարհն իսկ. Հարկ է աղօթել մասնաւորապէս աշխարհի խաղաղութեան համար, Եկեղեցիներու միութեան համար, քաւարանի հոգիներուն ազատութեան համար, ճնշուած երկիրներու անկախութեան համար… ի վերջոյ պէտք է խնդրել ամէն շնորհք եւ բարիք զոր Տէրը օգտակար կը նկատէ ընդհանուր մարդկութեան ի նպաստ։

Աղօթքը պէտք չէ ըլլայ անձնասէր եւ ինքիրմով լեցուն, նման այն փարիսեցիի աղօթքին տաճարին մէջ. Ան հարկ է որ ըլլայ խոնարհ եւ սիրալիր բոլորին հանդէպ, նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հանդէպ. Ամենահաճելի աղօթքը Աստուծոյ այն է ուր մենք խոնարհաբար կ՛ընդունինք մեր մեղքերը եւ թողութիւն կը խնդրենք Ամենակարողէն անոնց համար, խոստանալով ապաշխարել զանոնք ամբողջովին քաւելու եւ սրբելու համար։ Աստուած անմիջապէս կ՛ընդունի խոնարհին աղօթքը եւ ներում կը շնորհէ իրեն, պարգեւելով իր շնորհքները։

Աստուծմէ կրնանք ամէն տեսակի շնորհք խնդրել. Այդ տեսակէտէն ան շատ առատաձեռն է եւ կը պարգեւէ զանոնք իրեն դիմողներուն։

Սիրելի հաւատացեալ, երբեք մի դադրիր Աստուծոյ աղօթելէ, որովհետեւ աղօթքն է որ կ՛աւելցնէ հաւատքը եւ սէրը հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.