2008-11-15 13:28:36

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուՀայաստանի արտգործ նախարարի այցը Թուրքիա։


 Սեւ Ծովեան Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան աշխատանքներու շրջագծով Հ Հ արտգործ նախարարը Եդուարդ Նալպանտեան որպէս Սեւ Ծովեան Տնտեսական համագործակցութեան նախագահող Արտագին նախարար 24 Նոյեմբեր 2008-ին միօրեայ այց պիտի կատարէ Պոլիս ներկայացնելու համար կազմակերպութեան վեցամսեայ գործունէութեան ծրագիրը եւ Հայաստանի նախագահութեան առաջնորդութիւնները ։ Հ Հ արտգործ նախարարութեան բանբերը Տիգրան Բալայեան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի նախագահներու մօտակայ հանդիպման հաւանականութեան մասին խօսելով յայտնեց որ հայկական կողմը այդպիսի առաջարկ մը չէ ստացած։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը Ստեփանակերտ

Ասիկա վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի նախագահին երկրորդ այցելութիւնն է Լեռնային Ղարաբաղ։ Այս անգամ եւս այցելութեան վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական տեղեկութիւն չէ հրապարակուած։ Հայաստանի նախագահը ներկայ պիտի ըլլայ Ստեփանակերտի Սպայի տան մէջ տեղի ունենալիք համերգին, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի երգի-պարի համոյթները

Ռուս երեսփոխաններու զօրակցութիւնը նախագահութեան նստաշրջանի երկարաձգման վերաբերեալ։

Ռուս երեսփոխաններ առաջին ընթերցումով զօրավիգ կանգնեցան նախագահութեան նստաշրջանը երկարաձգելու օրինագիծին։Օրինաիծը անցեալ չորեքշաբթի օրը յայտարարուեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի կողմէ եւ խորհրդարանին մէջ արագ կերպով վաւերացուելու ընթացքին մէջ կը գտնուի։ Ըստ առաջարկուած բարեփոխման նախագահութեան նստաշրջանին տեւողութիւնը կը բարձրանայ վեցի, իսկ Տումայի նստաշրջանինը՝ հինգի։ Ուրբաթ օր Տուման առաջին ընթերցումէ ետք օրինագիծը որդեգրեց 338 թեր եւ 58 դէմ քուէներով։

Թուրքիա - Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուած է որուն ընթացքին դարձեալ կոչ ուղղած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններուն ձգելու։ Մեր առաջարկը տակաւին սեղանի վրայ է։ Հարցը պատմաբաններուն ձգեցէք ըսած է ան։ Պատասխանելով Միացեալ Նահաններու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի եւ անոր հայամէտ կեցուածքներուն վերաբերեալ իր կառավարութեան հակազդեցութեան՝ Էրտողան նշած է՝ որ Միացեալ Նահանգներու մէջ սփիւռքահայերու կատարած արշաւը արդար չէ։ Էրտողան նաեւ յայտնած է որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները Մոսկուայի մէջ ստորագրուած միացեալ հռչակագիրով նկատառելի քայլ մը առած են՝ աւելցնելով՝ որ Թուրքիա նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ երկրորդ հանդիպում մը պիտի հիւրընկալէ։ Ան ըսած է թէ տագնապին լուծումը կրնայ նոր քայլի մը առաջնորդել եւ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց վերաբերեալ նոր գործընթացի մը ազդանշանը տալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.