2008-11-14 13:19:24

Լուրեր հայ աշխարհէն


Մինսքի խմբակի համանախագահներու այցը Հայաստան։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները այսօր 14 Նոյեմբեր 2008-ին Երեւան կը գտնուին հանդիպում ունենալու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Կը նախատեսուի հանդիպում մը նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Մինչ այդ Պեռնար Ֆասիէ, Եուրի Մերզլեաքով եւ Մեթիու Պրայզա Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած էին Ազրպէյճանի ղեկավարութեան եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Թրենտ լրատու գործակալութեան համաձայն, Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա յոյս յայտնած է , որ Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքները վերադարձուին այդ երկրին։ Ան ըսած է թէ՝ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները պէտք է ընդհանուր լեզու գտնեն այս հարցով՚ ՚։ Ֆասիէ նաեւ նշած է, թէ մինչեւ տարեվերջ կրնայ կազմակերպուիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու համդիպում մը, հաստատելով, թէ Մինսկի խումբը միշտ պատրաստ է նպաստելու այդպիսի շինիչ ծրագիրներու։

Հայաստանի մօտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը լրատուական գործակալութիւններուն յայտնած է, թէ համանախագահները ծրագրած են այցելել նաեւ ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտ։



Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է պատժուի ըսած է Զուիցերիոյ նախագահը

Զուիցերիոյ նախագահը Պասքալ Քուշպէն Անգարա այցելութեան ընթացքին իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ, դիտել տուած է որ ինք կը զօրակցի ցեղասպանութեան հարցի ուսումնասիրութեան համար պատմաբաններու յանձնաժողով կազմելու Թուրքիոյ նախաձեռնութեան, նշելով թէ պատմութեան իրադարձութիւններու ուսումնասիրութեամբ պէտք է զբաղին բացառապէս պատմաբանները։ Ան նաեւ աւելցուցած է թէ ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է պատժուի։ Քուշպէն նաեւ վկայակոչած է Զուիցերիոյ մէջ ընդունուած օրէնքը, ըստ որու կը պատժուին այն անձերը որոնք կուրանան Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հրէական ողջակիզումը։ Զուիցերիոյ մէջ այս օրէնքը ընդունուած է, 20 տարի առաջ։ Ի դէպ 2003 ին Զուիցերիոյ խորհրդարանի Ստորին պալատը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ երկար ժամանակի համար լարուածութեան պատճառ հանդիսացաւ Պեռնի եւ Անգարայի միջեւ։ Անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման համար Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուեցաւ թրքական աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Տողու Փերինչեքը, իսկ երկու շաբաթ առաջ, նոյն օրէնքի հիմամբ՝ դատապարտուեցան երկու այլ թուրքեր։



Հ Հ Նախագահը Սերժ Սարգսեան, Նոյեմբեր 13ին, ընդունելով պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Մարիոս Կարոյեանը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը, կարեւոր նկատեց սոյն այցելութիւնը Հայաստան թէ իբրեւ նախագահ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի եւ թէ իբրեւ հայրենակից, որ կրցած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ՝ նման բարձր պաշտօն ու դիրք գրաւելով։

Մարիոս Կարոյեանը իր հերթին հաստատած է, թէ ինք շատ հպարտ է Հայաստան՝ իր նախնիներու երկիրը այցելելով եւ փոխանցած, թէ Կիպրոս կը մաղթէ ընդլայնել բարեկամական յարաբերութիւնները երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ եւ վստահութիւն յայտնած է, թէ իր այցելութիւնը նոր էջ պիտի բանայ երկու երկիրներու խորհրդարանականներու յարաբերութիւններու միջեւ։ Նախագահ Սարգսեան յայտնեց նաեւ որ Հայաստանի համար հպարտութիւն է Կարոյեանի նման հայազգի անձնաւորութեան մը յաջողութիւնները ու մաղթեց արդիւնաւէտ համագործակցութիւն միջազգային կառոյցներու շրջանակներէն ներս, յատկապէս Եւրոմիութեան հարեւանութեան քաղաքականութեան շրջանակէն ներս։

Կողմերու կարծիքով, Կիպրոսի նախագահի՝ յաջորդ տարուան Հայաստան նախատեսուող այցելութիւնը հայ-կիպրական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.