2008-11-14 13:19:03

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն


Իրան ցամաքէ-ցամաք նոր հրթիռ մը փորձարկած է այսպէս կը հաղորդէ Իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը։ Վերջին ամիսներուն ընթացքին Իրանի զինեալ ուժերը յաճախակի ռազմափորձեր կատարած են զուգահեռաբար այն ենթադրութեանց, թէ Միացեալ Նահանգներ կամ Իսրայէլ իր հիւլէական կայաններուն վրայ յարձակում կրնան գործել։ Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու՝ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը Իրաքի հետ սահմանին մօտ Սամեն անունով նոր հրթիռ մը փորձարկած է։



Փաքիստանի Փետաուար քաղաքին մէջ անծանօթներ առեւանգեցին իրանցի դիւանագէտ Հեշմաթոլլա Սթհարզատէ , սպաննելով անոր փաքիստանցի թիկնապահը , այս պատահած է ՙ ՙ Փրկարար աշխատանքներու մէջ գործող ամերիկացի կամաւորի մը եւ անոր վարորդին սպանութենէն մէկ օր ետք՚

Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը առեւանգումը որակեց իբրեւ ահաբեկչական արարք։ Ոչ մէկ կողմ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն պաշտօնատարներ ամբաստանեցին թալեպանները։



Լիբանանի նախագահը զօր Միշել Սլէյման մասնակցելէ ետք Սէուտական Արաբիոյ հովանաւորած կրօններու երկխօսութեան խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ 13 նոյեմբերին իր երկիրը վերադարձած է ։

խորհրդաժողովին ծիրէն դուրս Զօր. Սլէյման հանդիպում ունեցած է կարգ մը երկիրներու պատասխանատուներուն հետ ։ Նախագահ Սլէյման իր հանդիպումները աւարտած է դռնփակ հանդիպում մը ունենալով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին Քի Մուն վերահաստատած է ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը Լիբանանին, ինչպէս նաեւ Պէյրութ-Դամասկոս փոխադարձ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին։



Աֆղանիստան - արեւելեան Աֆղանիստանի խճողուած մէկ շուկային մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուցած է ամերիկեան զինուորական շքախումբ մը՝ սպաննելով 8 քաղաքացի եւ ամերիկացի զինուոր մը։ Պայթումը նաեւ պատճառած է 74 վիրաւոր, յայտնեցին աֆղան պաշտօնատարներ։ Ամերիկացի զինուորին մահով Աֆղանիստանի մէջ սպաննուած ամերիկեան զինուորներուն թիւը այս տարի հասաւ 148-ի՝ արձանագրելով ամէնէն բարձր տարեկան ցուցանիշը 2001-էն ի վեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.