2008-11-13 14:35:08

Կրօնաբարոյական հարցեր – Մարդուն Ծագումը


  Այսօր պիտի խօսինք մարդու ծագման մասին.

Արդեօ՞ք մարդն ալ մաս կը կազմէ յեղաշրջականութեան օրէնքին, - Evolutionnisme թէ ան ուղղակիօրէն եւ ամբողջովին ստեղծագործութիւնն է Աստուծոյ։ Որով մարդը այնքան մեծ տարբերութիւն ունի միւս բոլոր էակներէն, իր մտածելու, արտայայտուելու, ստեղծագործելու եւ յառաջդիմելու կարողութեամբ որ աստուածային յատուկ մէկ միջամտութիւն մը անհրաժեշտ է անոր գոյութիւն տալու համար։

Ա. Ի՞նչ կ՛ըսէ Գիտութիւնը

Մարդկային բեկորներու շատ հին նմոյշներու գիւտը ենթադրել կու տայ գիտուններուն թէ մարդ էակն ալ կրած է փոփոխութիւններ դարերու ընթացքին. Նոյնիսկ կարելի է փաստել թէ կարգ մը մարդկային բեկորներ կը պատկանին անհատներու որոնք միջին ճամբու վրայ կը գտնուին, ընդմէջ կապիկին եւ մարդուն։ Ուստի առանց վարանելու անոնք կը հաստատեն – թէեւ ասիկա լոկ վարկած մըն է – թէ մարդը կապիկէն յառաջ եկած է։

Ուրիշ հարց մըն է գիտնականներուն համար որոշելը թէ մարդկային ընտանիքը մէկ նախահայր ունեցած է թէ բազմաթիւ զոյգերէ յառաջացած է, որոնք իրարմէ անջատ եւ հեռու կ՛ապրէին։ Միակ լուծումը պիտի ըլլար գտնել մնացորդ բեկորները այդ առաջին զոյգին կամ զոյգերուն, հասկնալու համար թէ ինչպէս մէջտեղ եկած են։

Իսկ գալով այն հարցին թէ մարդուն մէջ կը գտնուի ոչ-նիւթական սկզբունք մը, այսինքն հոգին` որ նաեւ խելքի եւ իմացականութեան աղբիւրն է, գիտութիւնը կը հրաժարի անոր մասին լուսաբանութիւն տալէ, ըսելով թէ այդ հարցը կարելի է լուծել միայն փիլիսոփայութեան մէջ։

Բ. Ի՞նչ կ՛ըսէ Հաւատքը

Կու տանք ահա մի քանի կէտերու մէջ ամփոփուած` մարդուն ծագման ու բնոյթին մասին` Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը ։

    Բոլոր մարդիկը յառաջ եկած են մէկ նախնական զոյգէ մը. Սուրբ Գիրքը զանոնք կը կոչէ Ադամ-Եւա։

    Մարդ արարածը կազմուած է երկու տարրերէ. Մին նիւթական է եւ կը կոչուի մարմին, միւսը` հոգեկան է եւ կը կոչուի հոգի։

    Հոգին չի կրնար յառաջ գալ նիւթէն, ան ուղղակիօրէն ստեղծուած է Աստուծմէ։

    Գալով մարմնին, ան ձեւաւորուած է Աստուծոյ կողմէ. Սակայն կրնայ ուղղակի Աստուծմէ ձեւաւորուած ըլլալ կամ անուղղակիօրէն, ուրիշ էակներու միջոցաւ եւ անոնց ընմէջէն։


Եկեղեցին վերջնական խօսք մը չէ ըսած այս մասին, ցորքան տակաւին գիտութիւնը չէ փաստած մարդուն յառաջացումը կապիկէն, այսինքն իրմէ ստորադաս անասունէ մը։ Այդ պարագային եւս, Եկեղեցւոյ համար, մարդու մարմինն է միայն որ կրնայ յառաջ գալ կապիկի մարմնէն, բայց անոր անմահ հոգին միայն Աստուծմէ կրնայ ստեղծուած ըլլալ։

Պիոս ԺԲ. Սրբազան Պապը յայտարարած էր 1950-ին` թէ Եկեղեցին չ՛ընդիմանար յեղաշրջականութեան գաղափարին, եւ կը թողու որ գիտութիւնը կատարէ իր պրպտումները հաստատելու համար թէ մարդուն մարմինը յառաջ կու գայ նախապէս գոյութիւն ունեցող տարրէ մը կամ կենդանիէ մը. Ուստի կը թոյլատրէ որ այդ մասին փնտռտուքներ ու պեղումներ կատարուին մինչեւ որ ապահով կէտի մը հասցուի։

Մեր յաջորդ զրոյցին մէջ պիտի խօսինք Ս. Գրքի պատմուածքին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.