2008-11-13 14:31:50

Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանի միջամտութիւնը ՙ ՙՄԱԿի խաղաղութեան մշակոյթը՚ ՚ բանակցութեան։


Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, ներկայիս Նիւ Եորք կը գտնուի մասնակցելու ՄԱԿԻ խաղաղութեան մշակոյթը խորհրդաժողովին։ Իր կատարած միջամտութեան ընթացքին կարտինալը ժողովականներուն հաղորդեց Սրբազան Քահայանապետին քաջալերանքն ու գնահատանքը նման նախաձեռնութեան։ Սրբազան Պապին համար խաղաղութեան մշակոյթը հարկաւորութիւն մըն է։ ՄԱԿը իր կոչումով եւ առաքելութեամբ խաղաղութեան դպրոց է։ Ան կը գործէ յանուն բոլոր ազգերու օրինաւոր շահերու ձգտումներուն։ ՄԱԿի անդամ բոլոր երկիրները արժանաւորութեամբ հաւասար են իրարու եւ կ`աշխատին դառնալ խաղաղութեան գործիչներ։ Հաւատացեալները այս մեծ ընտանիքին մէջ ունին իրենց տեղն ու դերը։ Կրօնները հակառակ իրենց հետեւողներու տկարութիւններուն, հաշտութեան ու խաղաղութեան պատգամաբերներն են։ Ամէն շաբաթ միլիոնաւոր հաւատացեալներ կը ժողովին իրենց աղօթատեղերուն մէջ եւ կը փորձարկեն եղբայրակցութիւնը, կ`իրագործեն միութիւնը բազմազանութեան մէջ։ Ամէնուն կը յիշեցնեն թէ մարդը միմիայն հացով չապրիր։ Այս փորձառութենէն մղուած՝ հարկ է որ հաւատացեալները ըլլան համախոհ եւ օրինակելի իրենց ընթացքով, կարելի չէ կրօնքը գործածել խեղդելու խղճի ազատութիւնը, արդարացնելու բռնութիւնը ու տարածելու ատելութիւնն ու մոլեռանդութիւնը եւ քանդելու քաղաքագէտի եւ կրօնաւորի ինքնավարութիւնը։ Հաւատացեալները կանչուած են համագործակցելու հասարակաց բարիքին ի խնդիր, որ կը հիմնուի կեանքի նուիրականութեան, անհատին արժանաւորութեան, խիղճի ու կրօնքի ազատութեան յարգանքի վրայ։ Անցեալ յուլիսին, Մատրիտի հաւաքին, զանազան կրօններու պատկանող մասնկացողները, վերջնական յայտարարութեան մէջ կը հաստատէին թէ երկխօսութիւնը կեանքի էական մէկ իրողութիւնն է, կարեւոր միջոց մը ժողովուրդները քով-քովի համախմբելու, ամրապնդելու համագործակցութիւնը. նաեւ ճշմարտութիւնը որոնելու եւ այսպէսով նպաստելու մարդկութեան երջանկութեան։ Ապա կարտինալ Թոռան խօսելով յանուն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ըսաւ. կաթողիկէ հովիւները եւ հաւատացեալները կ`աշխատին ստեղծել եղբայրակցութեան ոգի մը մարդոց միջեւ, հետեւելով իրենց Վարդապետին օրինակին, որ քանդեց ցանկապատի միջնորմը որ կը բաժնէր թշնամի եղբայրները մէկ ժողովուրդ գոյացնելու համար։ Ասոնք են մեր արժէքները որոնք կը ներշնչեն մեր ներգործութիւնը, հոն՝ ուր մարդը կը տառապի եւ կը յուսայ։ Մեր մաղթանքն է, ըսաւ կարտինալ Թոռան իր միջամտութիւնը եզրափակելով, որ ամէնքս միասին, առանց հրաժարելու մշակութային ու կրօնական իւրայատկութենէն, գծենք ճանապարհը միշտ աւելի անվտանգ ու զօրավիգ աշխարհի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.