2008-11-12 12:51:52

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

Համաշխարհային Ա.ին Պատերազմի Աւարտի Արարողութիւնները։

Նշելու համար Համաշխարհային Ա.ին պատերազմի աւարտը արարողութիւններ տեղի ունեցան աշխարհի տարածքին ։ Գերմանիոյ եւ դաշնակից ուժերու միջեւ չորս տարի տեւած պատերազմի պատճառով շուրջ քսան միլիոն զոհեր արձանագրուեցան եւ Եւրոպայի քարտէսը վերադասաւորումի ենթարկուեցաւ։Ֆրանսայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Վերտանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Արդարեւ Ֆրանսական եւ Գերմանական բանակները Վերտանի մէջ ութ ամիս շարունակ իրարու դէմ ճակատած էին։ Ճակատումը պատերազմին ամէնէն երկարատեւ ճակատամարտն էր, եւ այդ օրէն ի վեր Վերտան ֆրանս-Գերմանական հաշտութեան խորհրդանիշին վերածուած է։ Ճակատումի ընթացքին դաշտին մէջ 60 միլիոն ռումբեր տեղացած էր։ Այս Արարողութեան պատուոյ հիւրերն էին Բրիտանիոյ Գահաժառանք՝ Չարլզ իշխանը եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի։ Ներկայ էին նաեւ Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ Քուինըն Պրայս եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Փիթըր Մէօլլըր։ Անոնք 15 հազար Գերեզման պարունակող դաշտին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին։ Նշենք որ համաշխարհային առաջին պատերազմին 60 հազար զոհեր տուած Աւստրալիոյ մէջ եւս յիշատակի արարողութիւններ կատարուեցան։

Իսրաէլ Դէպի Կազա Քարիւղի Մատակարարումը Վերստին Կ՝արտօնէ։

Իսրայէլ 11 նոյեմբերին վերջ տուաւ մէկ շաբաթէ ի վեր դէպի Կազա քարիւղի մատակարարումի արգելքին, որ Կազան խաւարի մատնած էր ։ Սակայն ՄԱԿ-ի գործակալութիւններէն ՝՝ՈՒՆԵՐՈՒԱ՝՝ն յայտնեց, որ 13 նոյեմբերի գիշերը պիտի ստիպուի դադրեցնել 750 հազար կազացիներու սննդեղէնի բաշխումի աշխատանքը, եթէ Իսրայէլ մարդասիրական մատակարարումներուն դիմաց Կազայի անցքերը չբանայ։ Երկուշաբթի օր(10 Նոյեմբեր) Կազայի շուրջ 15 միլիոն բնակիչները զրկուեցան ելեկտրականութենէ, երբ Կազայի միակ ելեկտրական կայանը քարիւղի հատնումին պատճառով դադրեցաւ բանելէ։

Իրանական Միջուկային Ծրագրին Շուրջ Վեցեակի Հանդիպումը Նոյեմբեր 13ին՝ Փարիզ պիտի կայանայ։

Իրանական միջուկային ծրագրին շուրջ վեցեակի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 13ին, Փարիզի մէջ։ Վեցեակի՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆի Արտաքին Գործերու նախարարութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները մտադիր են քննարկել իրանական միջուկային ծրագրի հիմնախնդրի լուծման վերաբերող ձեռքբերումներն ու ծրագիրները։

Պարաք Օպամա Կը Ծրագրէ Փակել Կուանթանամոյի Կալանավայրը։

Պի.Պի.Սի.ի թղթակից Փօլ Ռէյնըլտսի համաձայն, Ամերիկայի նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի իշխանութեան փոխանցումով զբաղող խումբը սկսած է նախնական ուսումնասիրութիւններ կատարելու՝ Կուանթանամոյի վիճելի կալանավայրի փակման հարցին շուրջ։Այս կալանավայրի ստեղծման հիմք ծառայող պատճառներն իսկ անընդունելի են ամերիկեան օրէնքի ու յայտարարուած բարոյական սկզբունքներու տեսակէտէն։ Արդարեւ, Կուանթանամոն, իբրեւ Ամերիկայի տարածքէն դուրս գտնուող, սակայն ամերիկեան հակակշռի տակ գտնուող կալանավայր՝ հնարաւորութիւն կու տայ ամերիկեան յատուկ ծառայութեանց անընդունելի ձեւերով, չարչարանքի ու կտտանքի ենթարկելու ճամբով իսկ խոստովանութիւններ կամ փաստեր ձեռք ձգել կասկածելի անձերէ։Նախագահ Օպամայի իրաւական խորհրդատուները կը փորձեն գտնել օրինական ճամբաներ որպէսզի ձերբակալուած ու արգելափակուած կասկածելիները ներկայանան ամերիկեան սովորական դատարաններու առջեւ՝ վայելելով Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան ընձեռած բոլոր իրաւունքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.