2008-11-11 14:11:45

Երեքշաբթի նոյեմբեր 11 Թ Շաբաթ զկնի Խաչի

Տօնն է Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերանի Կ.Պոլսոյ հայրապետին

ժամ. Առ. Ի25-38, Յովհ. ԺԵ11-25


Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան - Եկեղեցւոյ ամենէն նշանաւոր եւ շնորհաշատ հայրապետներէն մէկն էր։ Ան եղաւ պատրիարք Կ. Պոլսոյ, հայր եւ վարդապետ Եկեղեցւոյ։ Ծնած 347- ին, Անտիոքի մէջ եւ վախճանած Կոմանա 404-ին սեպտեմբեր 14-ին։ Ան եղաւ բարի եւ արաքինազարդ հայրապետ, բարեկարգեց կղերը, հոգ տարաւ աղքատներուն, կառուցանել տուաւ հիւանդանոցներ։ Ուժգնօրէն ծառացաւ մեծամեծներու ագահութեան, ամբարտաւանութեան ու ցոփ կենցաղին դէմ։ Արկադիոսի եւ Եւդոքսիա կայսրուհիին որոշումով աքսորուեցաւ։ Սուրբ բասիլիկոսի վկայրանին մօտ վախճանեցաւ։ Իր գրականութիւնը` Եկեղեցւոյ հայրերուն ամէնէն մեծարժէք գործերը կը ներկայացնէ։

Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերանի Շարականէն։

Ով երանելի ս. Ոսկեբերան, դուն որ անսկիզբ Հօրէն գիտութեան հոգին ստացար, ս. Եկեղեցին պայծառացուցիր աստուածային խօսքովդ, խնդրէ մեզ փրկողէն մեր մեղքերու թողութիւնը։

Այսօր Եկեղեցին կը որոգոչէ հանգստեանդ յիշատակը, ով երանելի վարդապետ, որ ս. Երրորդութեան անճառելի լոյսին մերձեցար. խնդրէ մեզ փրկողէն մեր մեղքերու թողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.