2008-11-10 14:26:52

Ծիսական ժամանակացոյց

Բշ. Թ շաբաթ զկնի Խաչի, տօնն է Մելիտիոս Անտիոքի Հայրապետի, Մինաս եգիպտացի զինւորի. Մելէս եպիսկոպոսի,Եփորէ քահանայի ու Շէս սարկաւագի։


 

Մելիտիոս Անտիոքի Հայրապետը - ծնած է Փոքր հայքի Մալաթիա քաղաքը։ 358-ին եպիսկոպոս կարգուեցաւ Սեբաստիայի։ Իր սրբակենցաղի ու քաղցրաբարութեան համար, 360-ին պատրիարք ընտրուեցաւ Անտիոքի։ 378-ին Կոսդանդիանոս կայսեր աքսորեց զինք, որովհետեւ հակա-արիոսական էր։ Իր աթոռը վերադարձաւ Գրատիանոսի օրով։ Մելիտիոս Անտիոքի Հայրապետը Կ.Պոլիս տիեզերական ժողովի 150 հայրապետներէն էր։ Իր մահէն առաջ, ս. Գրիգոր նազիանզացին եպիսկոպոս բազմացուց կայսերական քաղաքին վրայ։ Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան եւ Գրիգոր նիւսացին վրան ներբողականներ խօսած են։

Մելիտիոս Անտիոքի Հայրապետի քրիստոսաբանութենէն – Հաւատալ Քրիստոսի` կը նշանակէ հաւատալ, որ Որդին նման է Հօր, Անոր պատկերն է, որ ամէն բանի մէջ է, ամէն բանի Արարիչն է։ Որդին Հօր պատկերն է, ոչ թէ անկատար ձեւով, այլ` կատարեալ կերպով, ինչպէս արդիւնքը համապատասխան կ`ըլլայ պատճառի` այնպէս ալ Որդին համապատասխան է Հօրը։ Միածին Որդիին ծնունդը, որ տեղի ունեցաւ յառաջ քան զամենայն ժամանակս, իր մէջ կը պարունակէ Հօրը հետ գոյակցութեան գաղափարը։

Մինաս եգիպտացի զինւոր – եգիպտացի զինւորական մը, որ Մաքսիմիանոսի օրով կը պաշտօնավարէր Փրիւգիայի Կուտինա քաղաքին մէջ։< Գաղտուկ ընդունած ըլլալով քրիստոնէութիւնը թողուց իր պաշտօնն ու դիրքը, անապատ քաշուեցաւ ճգնողական կեանք ապրելու։ Դիոկղտիանոսի հալածանքներուն չուզելով հեռու մնալ իր հաւատակիցներէն, քաղաք դնաց նորէն եւ հրապարակեց իր քրիստոնեայ ըլլալը։ Ա յս պատճառաւ ենթարկուեցաւ ծանրագոյն չարչարանքներու ու ի վերջոյ գլխատուեցաւ եւ մարմինը կրակ նետուեցաւ 303-ին։Մելէս եպիսկոպոս, Եփորէ քահանայ, Շէն սարկաւագ – Մելէս նախապէս զինւորական էր, պարսից Շապուհին օրով, բայց հրաժարելով այս կարգէն, ինքզինքը հոգեւոր կեանքի նուիրեց Շօշ կամ Ասպահան քաղաքին մէջ, փետոյԲեթրազան քաղաքին վրայ հովիւ փեռնադրուեցաւ։ Ձերբակալուեցաւ Գերդա քաղաքին իշխանէն որ զինքը, իր Եփորէ քահանան եւ Շէն սարկաւագը տանջղց սաստիկ ստիպելով զոհ մատուցանել արեւին ու կրակին։ Երբ սուրբը կշտամբեց զայն իր մոլար կրօնքին համար, իշխանն ու եղբայրը հատու զէնքով մահացու կերպով վիրաւորեցին զայն, իսկ իր Եփորէ քահանան ու Շէն սարկաւագը մեռցուցին քարկոծելով։

Մարտիրոսաց Շարականէն – Պատուական վկայ, զինւորներու դասերը կը միանան երկնային զօրութիւններուն երգելով. Սուրբ ես Տէր զօրութեանց։

Ս. Վկաները սիրելի ու ընտիր դարձան իրենց արաքինական վարքով, սուրի ու կրակի մատնուելով, Քրիստոսի համար արիւնին թափելով։

Իրենց այս կամաւոր մահով արժանացան երկնային կոչունքին։ Վկաներու աղօթքով ու բարեխօսութեամբ, շնորհք ըրէ մեզի, ով Քրիստոս, մասնակից ու բաժանակից երկնային կոչունքիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.