2008-11-10 14:25:40

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

Պուէնօս-Այրէս(Արժանթին)։ 10 Նոյեմբերէն մինչեւ 15, Արժանթինի Եպիկոպոսաց Համահաւաք Դասի Լիագումար Նիստը կը կայանայ գլխաւորութեամբ Դասի նախագահ Կարտինալ Եորկէ Մարիօ Պէրկոլիօ՝Պուէնօս-Այրէսի Արքեպիսկոպոսին,որ երեկոյան մատոյց Սուրբ Պատարագը, նիստի մասնակցող Եպիսկոպոսներուն հետ միասին։ Արժանթինի Եպիսկոպոսներու Լիագումար Նիստի գլխաւոր թէմաները կը հանդիսանան ՝՝Հովուութեան մասին գաղափարներու փոխանակում նկատի ունենալով ազգային ու եկեղեցական իրադրութիւնը,Միացեալ հայեացք մը Արժանթինեան երկհազարամեայի (1810-2010)պատրաստութեան գործընթացին,եւ Հոգեւոր օժանդակութիւնը Ցամաքային Առաքելութեան համար՝՝։ Եպիսկոպոսներու վիճարկումի նիւթը պիտի ըլլայ նաեւ մնայուն Սարկաւագներու կազմաւորումը, հուսկ պիտի կատարուին Եպիսկոպոասաց Համահաք Դասի վերանորոգումին հայող ընտրութիւնները։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ(Պալթիմօր)։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսները 10 Նոյեմբերին սկիզբ կ՝ուտան իրենց աշնանային լիանիստին,իրենց օրակարգին վրայ ունենալով՝ յառաջիկայ 2009-2011 տարեշրջանի համար, նպատակակէտերու ու ծրագիրներու քուէարկումը։ ՝՝Հաւատքի կազմաւորում եւ խորհուրդներու կիրարկումը՝՝ ընդհանոր տիտղոսի ներքեւ Եպիսկոպոսները ամբողջովին պիտի նուիրուին հաւատացեալներու մօտ վառ պահելու հաւատքը ու օգնելու անոնց յարաբերութիւն հաստատելու Տիրոջ հետ,կրօնուսուցումի կազմաւորումի միջոցաւ՝քրիսոնեայ ինքնութեան բնոյթին մասին՝Խորհուրդներու պարգեւի վերանորոգ գիտակցութեամբը,յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան,ընդունելով ու գնահատելով մշակութային զանազանութիւնները։ Ապա պիտի կազմուին աշխատանքի չորս տարբեր խումբեր, չորս տարբեր նիւթերու հայող,ինչպէս ՝՝ Ամուսնութեան Ամրապնդումի՝՝նիւթին հայող աշխատանքի խումբը,ապա ՝՝Մարդկային անձի Կեանքն ու Արժանապատուութիւնը՝՝ ապա ՝՝Մշակութային Զանազանութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ՝՝ հուսկ ՝՝ Քահանայութեան Կոչումներու ու Կրօնաւորական Կեանքի նուիրումի զարգացումի՝՝ նիւթին հայող աշխատանքի խումբը։

All the contents on this site are copyrighted ©.