2008-11-10 14:33:24

Լուրեր հայրենի կեանքէն – Երգչախումբի արուեստը հայ վարժարաններու մէջ։


Լիբանանահայ արուեստասէր, երիտասարդ դասախօս Նորայր Դերձակեան վերջերս ներկայացուց դասախօսութիւն մը հետեւեալ նիւթով. ՙ ՙԵրաժշտութիւն եւ երգչախմբային արուեստ ՚ ՚ ։ Ան ընդհանուր կէտերու մէջ անդրադարձաւ երաժշտութեան եւ երգչախումբի կազմուածքին հետ առնչուող նիւթերուն։ Երգչախումբի անդամակցիլ կը նշանակէ քով-քովի գալով՝ ստանալ գործ մը յաջողցնելու հոգեկան հաճոյք ու գոհացում. ան մանրամասնօրէն բացատրեց երգչախումբի կազմուածքը՝ երգեցողութեան տարբերութիւնը յստակացնելով Աբելլաի եւ երաժշտութեան ընկերակցութեան խօսելով անոնց առաւելութիւններու մասին։ Դերձակեան առիթ ընծայեց կարգ մը աշակերտներու բեմ բարձրանալու եւ զուգերգելու։ Աշակերտներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն մը ստեղծուեցաւ, երբ դասախօսը տեսաերիզի վրայ ցուցադրեց զանազան տեսակի երչախումբերու կատարումներ, ինչպէս՝ փոքրերու, մանկապատանեկան եւ երիտասարդական։ Ատենամարզանքի եզրափակիչ հանգրուանին դասախօսը ցուցադրեց նաեւ ֆրանսական՝ փոքրերու Les Choristes եռաձայն-քառաձայն երգչախումբի Ave Maria կատարումը, որմէ ներշնչուած՝ թելադրեց աշակերտներուն, որ բարի նախանձով մօտենան երգչախմբային արուեստին եւ անոր ընդմէջէն սիրեն որակաւոր երգն ու երաժշտութիւնը։



Գրական - Զուլալ Գազանճեան եւ իր լուսաքերթուածները։

1950-ական թուականներու երկրորդ կիսուն իր գրական նախափորձերը կատարած, 1964-ին Փարիզի մէջ հրատարակուած Կեանքը - քոյրս անուն երախայրիքով սփիւռքահայ քերթողութեան անդաստանէն ներս մուտք գործած Զուլալ Գազանճեան արդէն վեց քերթողագիրքերու հեղինակ է եւ խմբագիրը Հատընտիր հայ հին բանաստեղծութեան խորագրեալ երկհատոր ծաղկաքաղին։ Քանի մը ամիս առաջ Քերթուածներ անունով լոյսին եկած Զուլալ Գազանճեանի բանաստեղծական վեցերորդ հատորը կարելի է նկատել հեղինակին ամբողջական երկերու ժողովածուն, որովհետեւ մէկ ընդհանուր անուան տակ ի մի կը խմբէ բանաստեղծին իրերայաջորդ չորս տաղարաններուն՝ Կեանքը – քոյրս գործին 1964 ին, Արեւծաղկի մը նմանին 1975 ին, Շարունակելիի 1988 ին եւ Նորատուզի 1996 ին, էջերը շնչաւորած տաղաչափեալ, ազատ եւ արձակ բանաստեղծութիւնները։

Զուլալ Գազանճեան նուրբ խառնուածքի տէր եւ իր բանաստեղծական ուղին քերթողագիրք առ քերթողագիրք կատարելագործած գեղագէտ բանաստեղծ մըն է, դասական աւանդներն ու կաղապարները մերօրեայ շունչով այժմէականացուցած նորարար արուեստագէտ մը, որ ճամբայ կ`ելլէ քրոջ մը չափ սիրելի կեանքին դաժան մեկնակէտերէն, կ`անցնի սիրոյ տոչորումները եզրափակող խաբկանքներու եւ յուսախաբութիւններու հոգեցունց փորձառութիւններու դաշտերէն՝ գտնելու համար ինքզինք, նոր օրերու մեքենայացած կեանքը լաւագոյնս ներկայացնող Փարիզի ցուրտ ու անհեթեթ օղակներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.