2008-11-09 08:32:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ճառը Եգիպտոսի նոր դեսպանին որ Նորին Սրբութեան ներկայացուց իր հաւատարմագրերը։


Հաւատարմագրերու ներկայացման արարողութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսաւ. Եգիպտոսը քաղաքակրթութեան օրրան եղած է։ Այդ հողին վրայ շատ մը ժողովուրդներ, մշակոյթներ ու կրօններ իրարայաջորդեցին եւ դարերու հոլովոյթին կազմեցին ինքնութիւնը ձեր ժողովուրդին, որ ճանչցուած է իր իմաստութեամբ ու հաւասարակշռութեամբ։ Աւելի քան 60 տարիներ անցան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին Ս. Աթոռի ու Եգիպտոսի հանրապետութեան միջեւ։ Եգիպտոսը, այդ ժամանակ առաջապահ երկիր էր կամուրջներ հաստատելու ժողովուրդներու ու կրօններու միջեւ։ Այդ յարաբերութիւնները հիմնաւորուած էին փոխադարձ յարգանքի ու տարբեր մշակոյթներու ու կրօններու միջեւ միութեան ու խաղաղութեան զարգացումին վրայ։ Եգոպտոսը, յարեց Հռոմի Պապը, մեծ ջանք կը թափէ ի նպաստ աշխարհի խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ կ`որոնէ արդար լուծումներ ։ Այդ ուղղութեամբ կրօնները կարող են եւ պարտական են դառնալու խաղաղութեան գործիչներ։ Այդ ուղղութեամբ Ս. Աթոռի Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը եւ Եգիպտոսի ԱլԱզհար ալ Շարիֆը տարեկան ժողովներ կը գումարեն աշխատելով՝ հասկացողութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ուղի մը բանալ քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան միջեւ։ Այս երկխօսութիւնը աշխարհի համար բախտաւորութիւն մըն է եւ Աստուծմէ տրուած շնորհք է, որմէ պէտք է կարելի չափով օգտուիլ։ Հարկ է նախ լաւ ճանչնալ իրար զիրար եւ փոխադարձ յարգանքի մտայնութիւն մը ստեղծել երկու կրօններու բոլոր հաւատացեալներու միջեւ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը նոր դեսպանէն խնդրեց ողջունել Եգիպտոսի կաթողիկէ հասարակութիւնը որ թէեւ թիւով նոսրացած է սակայն յանձնառումով կը գործէ երկրին ընկերային, առողջապահական, կրթական ու բարեսիրական մարզերու մէջ։ Այդ փոքրաթիւ հասարակութիւնը գնահատուած է եգիպտական ընկերութենէն։ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ կաթողիկէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու ներկայութեան, որոնք կը բաղձան ապրիլ իրենց հաւատքը։ Համոզուած եմ որ անոնց կարելիութիւն պիտի տրուի պատշաճ պաշտամունքի վայր մը կերտելու զբօսաշրջիկութեան նոր վայրերու մէջ։ Ասիկա գեղեցիկ ազդանշան մը պիտի ըլլայ Եգիպտոսի կողմէ, համայն աշխարհին, սատարելով բարեկամական ու եղբայրական կապերու հաստատումին կրօններու միջեւ։

Իր կարգին նոր դեսպանը վերակոչեց կարեւորութիւնը կաթողիկէ-իսլամ խորհրդաժողովին, որ նոյեմբեր 6ին աւարտեցաւ Վատիկանի մէջ, մաղթելով որ այս հանդիպումը յաջողութեամբ պսակուի։ Յայտնենք թէ Եգիպտոսի նոր դեսպանը 46-ամեայ տիկին Լամիա Մըխմար, 1985էն ի վեր դիւանագիտական դաշտի մէջ կը գործէ, իրաւագիտութեան մէջ մասնագիտանալէ ետք։ Ան պաշտօնավարած է Հռոմ, Նիւ Եորք եւ արտգործ նախարարութեան մէջ։ Շուրջ 82 միլիոն բնակչութիւն հաշուող Եգիպտոսի 90 առ հարիւրը մահմետական են, մեծամասնութեամբ սիւննիթ, 10 տոկոսը քրիստոնեայ է, որու 9 առ հարիւրը Ղպտի են։



Իսկ շաբաթ առաւօտ` Պենետիկտոս 16 քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

- Չինաստանի նոր դեսպանը տիար Wang Larry Yu-yuan, հաւատարմագրերու ներկայացում։

- Գանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Vernon James Weisberger,

- Պոլիվիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ

- Պիոս ԺԲ Քահանայապետի մահուան 50-րդ տարեդարձի առթիւ Գրիգորեան եւ Լատերանեան քահանայապետական համալսարաններու կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մասնակցողները, թիւով 250 հոգի։

իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Giovanni Battista Re կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.