2008-11-09 08:32:36

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ին հարցազրոյցը Հասկի խմբագրութեան


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա Հասկի խմբագրութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է ՙ ՙ կառչած մնանք մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն` մեր ինքնութեան՚ ՚ ՀԱՍԿի խմբագրութիւնը հարցազրոյց մը ունեցած է Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ որուն ընթացքին վեհափառը լայնօրէն անդրադարձած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցած կրթական ու Երիտասարդական համագումարներուն: Հանդիպումին, շեշտը դրուած է հետեւեալ նիւթերուն վրայ մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան նոր մղում տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը հայ դպրոցին կողմէ՝ լուրջ քննարկումի ենթարկելով հայոց դիմագրաւած դժուարութիւնները ու մարտահրաւէրները: Հայեցի դաստիարակութիւնը տեսութիւն չէ. ան տեղի կ’ունենայ իւրայատուկ միջավայրի մը մէջ: Հետեւաբար, ըսած է Արամ Ա. չենք կրնար անտեսել մեր շրջապատը: Անհրաժեշտ է որ մնայուն կերպով վերաքննութեան ու վերարժեւորումի ենթարկուի հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ կատարուող մեր աշխատանքը՝ իր ներքին թէ արտաքին տարածքներով, իր մօտեցումներով ու մեթոտներով: Համագումարի մասնակիցները մեկնելով իրենց ունեցած փորձառութենէն, կատարեցին լուրջ քննարկումներ. յայտնեցին իրենց տեսակէտները, նկատի ունենալով տարբեր գաղութներու պայմանները. Նաեւ Վեհափառ Հայրապետը խօսած է ՙհոգեւոր շարժումներու՚ մասին՝ յայտնելով իր յստակ տեսակէտները այս ուղղութեամբ: Ըսած է նաեւ.ՙ ՙ Պէտք է կրկնենք ու միշտ յիշեցնենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն.- կառչած մնանք մեր հոգեւոր, մշակութային ու ազգային ինքնութեան: Առանց ինքնութեան ազգ մը կը կորսուի ժամանակի փոշիին տակ: Կազմաւորենք մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէներով հզօրացած նոր սերունդ մը՝ ի խնդիր մեր ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի պայծառ ապագային: Ահա անյետաձգելի առաջնահերթութիւն մը: Վեհափառը եզրափակած է ըսելով. կ’ուզենք Մեր ջերմ գնահատանքը յայտնել կրթական եւ երիտասարդական համագումարներու բոլոր մասնակիցներուն, մեր թեմերուն, կրթական մարմիններուն, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնին եւ կազմակերպիչ յանձնախումբերուն, որոնք իրենց գործօն մասնակցութեամբ, նիւթական նպաստով ու գործնական աջակցութեամբ մեծապէս նպաստեցին յիշեալ համագումարներու յաջողութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.