2008-11-09 14:48:11

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։ Սերժ Սարգսեանի Յայտարարութիւնը Պրիւքսէլի մէջ։


6 նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարոզոյի հետ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է, թէ ՝՝Մոսկուայի հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է՝ յանձնարարել արտաքին Գործոց նախարարներուն բանակցելու Մատրիտեան Սկսզբունքներ կոչուող փաստաթուղթին շուրջ՝՝։Սարգսեան աւելցուցած է, որ ընդհանուր կէտերու հասնելու պարագային պէտք է ստորագրուի համաձայնագիր մը սկզբունքներու մասին, որուն պէտք է յաջորդէ հիմնական համաձայնագիրը։

Վրաստանի մէջ Ցոյցեր Նախագահ Սահակաշվիլիի Դէմ։Վրացական Ընդդիմութեան աւելի քան տասը հազար համակիրները 7 նոյեմբերին Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի դէմ բողոքի ցոյց կատարեցին՝ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին ընթացքին պարտութիւն կրած անոր կառավարութեան վրայ ճնշումը աւելցնելով։

Թիֆլիսի մէջ կատարուած ցոյցը զուգադիպեցաւ մէկ տարի առաջ ոստիկանութեան կողմէ խորհրդարանին առջեւ ցուցարարներու խոշտանգումի տարեդարձին նշումին։Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Քախա Քուքաւա ցուցարարներուն առջեւ խօսք առնելով յայտարարեց թէ ՝՝Քաղաքային ճակատումի նոր ալիք մը կը սկսինք, եւ պիտի չդադրինք, մինչեւ որ նոր ընտրութիւններ կատարուին՝՝։ Ցոյցին խօսք առնողները 2009-ի սկիզբը խորհրդարանական եւ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ պահանջեցին։

Թուրքիոյ Վան քաղաքին մէջ Օպամայի Յաղթանակին Առիթով 44 Ոչխարներ Կը Զոհուին։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահին ընտրութիւնը աշխարհի տարածքին ստեղծած է ցնծութեան առիթներ, որոնցմէ մէկուն զոհ գացած են Վանի Չաւուշթեփէ գիւղին 44 ոչխարները։ Իրանի սահմանակից քրտական այս գիւղին Գիւղապետը յայտարարած, թէ Պարաք Օպամայի յաղթանակը փաստ մըն է, որ աշխարհի մէջ ցեղապաշտութիւնը վերջ գտած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.