2008-11-07 14:29:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով կաթողիկէ-իսլամ խորհրդաժողովին մասնակցողները կոչ ըրաւ գերազանցելու անհասկացողութիւնները եւ անհամաձայնութիւնները կաթողիկէներու ու մահմետականներու միջեւ։


Հինգշաբթի նոյեմբեր 6, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով կաթողիկէ-իսլամ խորհրդաժողովին շուրջ 60 մասնակցողները, հրաւիրեց զանոնք գերազանցելու անհասկացողութիւնները եւ անհամաձայնութիւնները կաթողիկէներու ու մահմետականներու միջեւ։ Ջերմ հանդիպումին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խնդրեց երկու կրօններէն որ միասնաբար համագործակցին ի պաշտպանութիւն բարոյական արժէքներու, դատապարտելով միաժամանակ յանուն Աստուծոյ գործուած բռնարարքները։ Միասնաբար աշխատինք նոր սերունդին սորվեցնելու միասին ապագայ մը կերտել։ Յոյս յայտնելէ ետք որ մարդու հիմնական իրաւունքները պաշտպանուին երկրագունդի բոլոր ժողովուրդներէն, Սրբազան Պապը մատնանշեց թէ քաղաքական ու կրօնական ղեկավարներու պարտականութիւնն է երաշխաւորել մարդոց ազատութիւններու ազատ կիրարկումը յարգելով ամէն անհատի խղճի ազատութիւնը ու կրօնական ազատութիւնը։ Ապա Սրբազան Քահայանապետը ընդգծեց թէ անընդունելի է աշխարհի վրայ հաւատացեալներու նկատմամբ կատարուած խտրականութիւնը ու բռնութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ մղուած հալածանքը, նման արարքներ անընդունելի են եւ անարդարանալի, եւ նոյնքան ցաւալի են երբ այս արարքները կը կատարուին յանուն Աստուծոյ։ Աստուծոյ անունը, յարեց Սրբազան Հայրը, միմիայն կրնայ ըլլալ խաղաղութեան ու եղբայրակցութեան, արդարութեան ու սիրոյ անուն։ Մենք կանչուած ենք մեր խօսքով ու գործերով ճանչցնել թէ, պատգամը մեր կրօններու, ներդաշնակութեան ու փոխադարձ հասկացողութեան պատգամ մըն է բացայայտեց Նորին Սրբութիւնը մաղթելով որ կաթողիկէները ու մահմետականները միասնաբար աշխատին անհատի հիմնական իրաւունքներու ու արժանաւորութեան ճանաչումին։ Մենք միասնաբար գործենք բարոյական արժէքներու ճանաչումին ու պաշտպանութեան ի խնդիր, այդ արժէքները մաս կը կազմեն մեր հասարակաց ժառանգութեան։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ կաթողիկէներու ու մահմետականներու երկխօսութիւնը առանձնաշնորհումը չէ մասնագէտ ու հմուտ խմբակի մը։ Հանդիպումին ընթացքին խօսք առին կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին եւ Պոզնիայի մուֆթին Մուսթաֆա Չերիչ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետին իր հիւրընկալութեան ու եղբայրակցութեան համար։

Նշենք թէ կաթողիկէ-իսլամ առաջին ֆորումը տեղի ունեցաւ վատիկան նոյեմբեր 4-6 , 2008

Դռնփակ Հանդիպումին մասնակցեցան կաթողիկէ 24 կրօնաւորներ ու մասնագէտներ եւ նոյնքան մահմետականներ։ Կլոր սեղանին նիւթն է. Աստուծոյ սէրը, մերձաւորին սէրը։ Հանդիպումին առաջին օրը, մասնակցողներու խորհրդածութիւնները կեդրոնացան աստուածաբանական ու հոգեւոր նիւթերու վրայ, եկրորդ օրը` ժողովականները խօսեցան մարդկային արժանաւորութեան ու փոխադարձ յարգանքի մասին։ Կլոր սեղանին աւարտին, Նոյեմբեր 6-ին, կաթողիկէ իսլամ ժողովին մասնակցողները Հռոմի Գրիգորեան համալսարանի մէջ եզրափակեցին իրենց հանդիպումը եւ հրապարակեցին միատեղ յայտարարութիւն մը։



Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ 7 նոյեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեցաւ.

Տիար Vytautas Ališauskas, նոր դեսպանը Լիդուանիայի հանրապետութեան, որ Նորին Սրբութեան ներկայացուց իր հաւատարմագրերը,

Պոլիվիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ այցելութիւն

ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեցաւ Կեանքի ի նպաստ քահանայապետական կաճառի կազմակերպած միջազգային ժողովի մասնակցողները` թիւով 500 հոգի։

իսկ յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեցաւ կարտինալ Ուիլիամ Ժոզէֆ Լեվատան` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին








All the contents on this site are copyrighted ©.