2008-11-07 13:28:15

Հայկական մշակոյթի օրեր Գերմանիոյ մէջ


Նախաձեռնութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմին եւ աջակցութեամբ Քէօլնի հայ համայնքին եւ Կաթողիկէ կրթական կեդրոնին, 28 հոկտեմբերին Քէօլնի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական մշակոյթի օրերուն։ Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին արք Պեքչեան։ Յայտնենք, որ Մշակոյթի օրերուն նուիրուած յայտագիրներու ծիրին մէջ պիտի ներկայացուին Ուիլիըմ Սարոյեանի նուիրուած ձեռնարկներ, Ներկայացում Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած Սիրելի եղբայր գրքին՝ կատարողութեամբ հրատարակչին Օսման Քէօչարի, Մայրս, եղբայրս ու ես ժապաւէնի ցուցադրութիւն, Թուրքիոյ հայութեան մշակոյթը եւ պատմութիւնը, քննարկումներ Թուրքիա բնակող հայերու կեանքին եւ գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ Հայ գրականութիւնը Պոլսոյ մէջ եւ Հայկական եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ խորագիրներով ձեռնարկներ։



Նիւ Ճըրզի Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ նորակառոյց Կրթական եւ Երիտասարդական Կեդրոնին բացումը

Ֆէրլոնի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ մէջ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Խաժակ Արք Պարսամեան բացումը կատարեց նորակառոյց Կրթական եւ Երիտասարդական Կեդրոնին, որ կը գտնուի Եկեղեցւոյ յարակից հողամասին վրայ։ Այս առթիւ Խաժակ Արք շնորհաւորեց Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ ծուխը՝ որուն անդամները կոչեց բարի տնտեսներ, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին իրականացնելու համար այս ծախսալից կեդրոնը։ Շնորհիւ հաւատացեալներու նուիրատուութեանց՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Եկեղեցին աւելի վճրակամութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը ըսաւ Սրբազանը, նոյն ատեն իր հպարտութիւնը յայտնելով ի տես երիտասարդներու ներկայութեան, որոնք կը ծառայեն Ս Խորանին եւ կանդամակցին դպրաց դասին եւ երիտասարդաց կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ կը յաճախեն Հայ Դպրոց եւ Կիրակնօրեայ Վարժարան։ Սրբազանին քարոզի աւարտին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը։ Պատարագէն ետք՝ Գերշ Տ Խաժակ Արք Պարսամեանի առաջնորդութեամբ, ներկաներու թափօրը յառաջացաւ դէպի նորակառոյց կեդրոնի մուտքը եւ մասնաւոր արարողութենէ ետք կատարուեցաւ ժապաւէնի հատումի արարողութիւնը, այս առիթով Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց երեք գլխաւոր նուիրատուներուն Չարլզ եւ Կրէյս Փինաճեաններու, որոնց անունով կոչուած է Երիտասարդական Կեդրոնը, Ճիմ եւ Սանտրա Լայթնըրի, որոնց ծնողաց Ճորճ եւ Շաքէ Շահինեաններու անունով կոչուած է Կեդրոնի Մարզարանը եւ Սիրան Կապրիէլեանի, որուն ողբացեալ ամուսնոյն Սարգիսի եւ իր անունով կոչուած է Կրթական Կեդրոնը։ Առաջնորդ Սրբազանը ի մէջ այլոց ըսաւ որ Սրբոց Ղեւոնդեանց ծուխը, Արեւելեան Թեմին մէջ,օրինակելի ծուխ մըն է։ Ապա, Եկեղեցւոյ Ապաճեան Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը այս առթիւ ՙ ՙԿեդրոնի Կառուցման Յանձնախումբի ատենապետ՝ Ճիմ Լայթնըր շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին այս ծախսալից ծրագիրի իրականացման, աւելցնելով որ շուտով նոր յայտագիրներ պիտի կազմակերպուին նոր կեդրոնի ներկայացուցած յարմարութիւնները օգտագործելու համար։Նշենք թէ Կեդրոնի ճարտարապետն է Եկեղեցւոյ ծխականներէն Թամըս Աշպահեան։ Կեդրոնը ունի վեց դասարաններ, հանդիսասրահ, գրասենեակ, ժողովասրահ, խոհանոց, ճաշարսրահ եւ արդիական մարզարան։ Երիտասարդաց Կազմակերպութեան անդամ Շանթ Մարութեան այս առթիւ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ պատմութենէն քաղուած լուսապատկերներ ցուցադրեց ։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ Տիրան Քհնյ Պօհաճեան իր ուրախութիւնը յայտնեց ծուխի այս նոր իրագործումին ի տես եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն եւ ըսաւ. այսօր նոր էջ մը կը բացուի մեր ծուխի կեանքին մէջ, եւ ասիկա սկիզբն է բազմաթիւ ուրախ առիթներու։ Հաւաքոյթը վերջ տաւ Առաջնորդ Գերշ Տ Խաժակ Արք Պարսամեանի փակման աղօթքով եւ բոլորին կողմէ երգուած Տէրունական աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.