2008-11-07 13:47:00

Ծիսական ժամանակացոյց

Ուրբաթ նոյեմբեր 7, Ը շաբաթ զկնի Խաչին, ընթերցում Ս.Ղուկասի Աւետարանէն գլուխ 8, 40 - 48 համարները։


 Արիւնահսութենէն տառապող կինը - Վերադարձին` բազմութիւնը ընդառաջ եկաւ Յիսուսին, որովհետեւ ամէնքը կը սպասէին իրեն … Ժողովուրդը կը սեղմէր զինք։ Կին մը, որ 12 տարիներէ ի վեր արիւնահիոսութենէ կը տառապէր եւ, չէր կրցած բուժուիլ, թիկունքէն մօտեցաւ Յիսուսի, դպաւ անոր հագուստի քղանցքին եւ իսկոյն արիւնահոսութիւնը կեցաւ։ Յիսուս հարցուց. ՙՈ՞վ դպաւ ինծի՚ Ամէնքը կ`ուրանային, իսկ Պետրոս եւ անոնք որ հետն էին, ըսին. ՙՎարդապետ, ժողովուրդն է որ քեզ կը սեղմէ ու կը նեղէ։՚ Յիսուս ըսաւ. ՙՄէկը դպաւ ինծի, որովհետեւ զգացի որ ոյժ մը ելաւ ինձմէ։՚ Կինը տեսնելով որ չէր կրցած ծածուկ մնալ, ահ ու դողով եկաւ, Յիսուսի ոտքն ինկաւ եւ բազմութեան առջեւ պատմեց թէ ինչու դպած էր Յիսուսին եւ թէ նոյն պահուն բուժուած էր։ Յիսուս ըսաւ անոր ՙաղջիկս, հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա՜ խաղաղութեամբ։՚

Աւետարանի մեկնաբանութիւն - Օրէնքը կ՝արգիլէ արիւնահոսութենէ տառապողներուն, որ մարդոց մօտենան։ Ասոր համար կինը Յիսուսի կը մօտենայ թիկունքէն եւ կ՝ուզէ մնալ ծածուկ։ Քանի որ անոր բուժումը, վարձատրութիւնն էր իր հաւատքին` Յիսուս կ՝ուզէ զայն յայտնել։ Աստուածային զօրութեան յայտնութեամբ, Յիսուս կը ջնջէ մարդուն սրտին մէջէն այն վախը, որ ունի թշնամի զօրութեան դիմաց. մոլեգնած բնութիւնը, սատանաներու լեգէոնները, անբուժելի հիւանդութիւնը, մահը պարտուած են Յիսուսի փրկչական Զօրութեան դիմաց։ Կը բաւէ հաւատալ այս Զօրութեան։

Պահոց Շարականէն – Կ՝աղաչեմ Տէր, ողորմէ ինծի եւ շնորհք տուր ապաշխարութեամբ սրբելու մեղքերս։ Ընդունէ իմ խնդրաններս եւ բարերարութեամբդ խնայէ եւ ողորմէ ինծի։








All the contents on this site are copyrighted ©.