2008-11-06 13:24:00

Վատիկանեան տեղեկութիւններ Հիւանդ երախաներու Հովուական գիտաժողով Վատիկանի մէջ։


վատիկանի առողջապահութեան հովուութեան քահայանապետական խորհուրդը, նոյեմբեր 13-15 Վատիկանի մէջ ժողով կը գումարէ, ունենալով որպէս նիւթ. հիւանդ երախաներու խնամատարութեան հովուութիւնը։ Հանդիպումին կը մասնակցին աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած մասնագէտներ։ Կարտինալ Lozano Barragan նախագահը վատիկանի առողջապահութեան հովուութեան քահայանապետական խորհուրդին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ յայտնած է թէ Ժողովին նպատակն է յոյս տալ հիւանդ երախաներուն։ Երախաները խնամելով, յարեց ան, փրկած կ`ըլլանք մանուկներու արժանաւորութիւնը ու նպաստած կ`ըլլանք անոնց անձնականութեան հաստատումին։ Մեքսքացի կարտինալը յայտարարած է թէ բժշկութիւնը մեծ նուաճումներ կատարած է, եւ սակայն ամէն տարի աշխարհի մէջ շուրջ 4 միլիոն նորածիներ կը մեռնին ։ Բժշկութեան զանազան մարզերու մասնագէտներ երեք օրերուն ընթացքին պիտի բանակցին երեք նիւթերու շուրջ, առաջին իրադրութիւնը եւ պատճառները մանկական հիւանդութիւններու։ Երկրորդ ժողովականները պիտի աշխատին ի յայտ դնել թէ աստուածային Յայտնութիւնը այդ ուղղութեամբ ինչ կ`ըսէ։ Երրորդ ժողովականները պիտի հարցադրեն թէ ինչ կարելի է ընել դրականօրէն մանուկներու խնամքին համար։



Սալվատորի նախագահը յառաջիկայ նոյեմբեր 14-ին հանդիպում պիտի ունենայ Սրբազան Պապին հետ։

Ասիկա երկրորդ անգամն է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը իր գրասենեակին մէջ կ`ընդունի Սալվատորի նախագահը տիար Elías Antonio Saca-ն։Ապա ան Կիպրոս պիտի մեկնի մասնակցելու միջազգային ու միջկրօնական խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպումին, կազմակերպուած Sant’Egidio կոչուած հասարակութենէն։

Անցեալ փետրուար 28ին վատիկանի մէջ ընդունելով Սալվատորի եպիսկոպոսները Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք աղօթելու Աստուծոյ որպէսզի իրենց երկիրը դուրս գայ բռնութիւններէն ու չքաւորութենէն։ Լատին Ամերիկայի այս ամենափոքր երկիրը, նկատուած է աշխարհի ամենէն վտանգաւորը։ Բռնութեան աճումը, դիտել տուած էր Սրբազան Քահայանապետը անմիջական հետեւանքն է ընկերային այլ պատուհասներուն, ինչպէս` աղքատութիւնը, դաստիարակութեան պակասը, արժէքներու կորուստը ու ընտանիքին քայքայումը։ Անցեալ յունիսին, Սալվատորի նախագահը Ս. Աթոռէն ընդունեցաւ ‘Path to Peace' 2008 մրցանակը աղքատութեան դէմ մղած պայքարին ու իր երկրին մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու յանձնառումին համար։ ‘Path to Peace' մրցանակը հաստատուած է 1991ին Ս. Աթոռի կողմէ։ Անիկա կը պարգեւատրուի բոլոր այն անձերուն, որոնք կ`աշխատին գործադրել Եկեղեցւոյ ու քահայանապետներու ուսուցումը, հայող՝ բարոյականի, զարգացումի, մարդու իրաւունքի ու խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.