2008-11-06 13:26:55

Կրօնաբարոյական հարցեր Ստորա-մարդկային տեսակներու ծագումը


 Ըսինք թէ Աստուծոյ գաղափարը չի ժխտեր գիտութեան վարկածները եւ կը ջանայ ուսումնասիրել թէ որքանով կրնան համապատասխանել Սուբ Գրքի յայտնած ճշմարտութիւններուն։

Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել անսահման զանազանութիւնը կեանքի տեսակներուն, ըլլան անոնք կենդանական աշխարհի պատկանող թէ բուսական։ ինչպէ՞ս բացատրել նաեւ թէ կարգ մը ներկայիս ապրող տեսակներ նախապէս գոյութիւն չեն ունեցած նախապատմութեան մէջ, եւ յառաջացած են յետ կարգ մը ուրիշ տեսակներու անյետացման։ Ինչպէ՞ս մեկնաբանել կարգ մը տեսակներու նմանութիւնը իրարու հետ, կամ թէ իրարմէ երթալով աւելի աճող տարբերութիւնները։

Արդեօ՞ք, ըստ հաւատքի տուեալներուն, պէտք է ընդունինք թէ Աստուած յատուկ կերպով միջամտած է ամէն մէկ տեսակի ստեղծման համար, ինչպէս նաեւ անոնց զարգացման կամ անյետացման պարագային։

Ա. Կէտ – Ի՞նչ կ՛ըսէ գիտութիւնը

Գիտունները, հետեւելով մեծանուն անասնագէտ Տարվինին, կ՛ընդունին բնութեան յեղաշրջականութեան օրէնքը (Evolutionnisme) որով զանազան ապրող էակները յառաջ եկած են մէկը միւսէն, բնութեան զանազան օրէնքներու ազդեցութեան տակ, եւ ի վերջոյ բոլոր ապրող էակներուն հայրը կամ մայրը մէկ եւ միեւնոյն բջիջն է։

Տրուած ըլլալով որ մինչեւ օրս տակաւին կարգ մը գոյատեսակներ յառաջ կու գան միեւնոյն ապրող տեսակէն, կարելի է ընդունիլ որպէս տրամաբանական թէ ամէն տեսակ` իր կարգին ալ ընտանութիւն ունեցած է եւ սերած ուրիշ տեսակներէ։

Առանց կարենալ փաստեր յառաջացնելու իրենց վարկածին ի նպաստ, անոնք ջերմօրէն կը հաւատան այս յեղաշրջումի սկզբունքին, եւ անկէ տարուած` կ՛ուզեն եզրակացնել թէ Աստուած գոյութիւն չունի եւ ինք չէ ստեղծողը ապրող էակներուն։

Բ. Կէտ – Ի՞նչ կ՛ըսէ հաւատքը

Նախ եւ առաջ` պէտք է յստակացնել թէ հաւատքը երբեք հակառակ չէ յեղաշրջման սկզբունքին եւ եթէ ան փաստուի, Եկեղեցին առաջինը պիտի ըլլայ զայն ընդունող եւ կիրարկող իր օրէնքներուն մէջ. Սակայն առ այժմ տակաււին չէ փաստուած յեղաշրջականութեան այս օրէնքը։

Աստուած` ըստ Եկեղեցւոյ ուսուցումին, կարող է ամէն ինչ ստեղծել ուղղակիօրէն, ինչպէս նաեւ զանազան միջնորդներու միջոցաւ. կրնայ ան մէկ ապրող էակի մը սերմին տալ այնպիսի յատկութիւններ որ ստեղծէ ուրիշ տեսակի էակներ. Ուստի յեղաշրջականութեան վարկածը որեւէ ձեւով չի խախտեր քրիստոնեային հաւատքը։

Նոյնիսկ պիտի ըսէինք, եթէ ընդունուէր այս գիտնական վարկածը, եւս առաւել փաստուած պիտի ըլլար Աստուծոյ միջամտութիւնը բնութեան ստեղծման մէջ։

Ասոր վկայ են քրիստոնէութեան առաջի դարերու իսկ հեղինակներ. Այստեղ կու տանք հռչակաւոր Սուրբ Օգոստինոսի – 5-րդ դարու հեղինակ - տեսակէտը այս նիւթին շուրջ. Ան կը գրէ. Ըստ իս, Աստուած սկիզբէն ստեղծեց բոլոր էակները միասնաբար, ոմանք իրական կերպով, իսկ ուրիշները` յղացման մէջ, սկզբունքային կերպով։ Ինչպէս որ հատիկի մը մէջ անտեսանելի կերպով գոյութիւն ունին բոլոր այն յատկութիւնները որոնք օր մը զինք ծառի պիտի վերածեն, նոյնպէս ալ հարկ է ընդունիլ թէ աշխարհի ստեղծումին ընթացքին, շատ մը էակներ սկզբունքային գոյութիւն ունէին ստեղծուած տարրերուն մէջ, որոնք հետագային զարգացան եւ կատարելագործուեցան։

Մեր յաջորդ սփռումը պիտի ըլլայ մարդու ծագման մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.