2008-11-06 14:04:31

Ծիսական ժամանակացոյց հինգշաբթի նոյեմբեր 6, Ը. շաբաթ զկնի Խաչի, տօնն է Մետրոփանոս եւ Աղեքսանդրիոս հայրապետներու եւ Մարկիանոս ու Մարտիրոն նօտարներու։


Մետրոփանոս հայրապետը եղաւ Կ.Պոլսոյ առաջին պատմական եպիսկոպոսը, գահակալած՝ 306-325։ Իր օրով նախկին Բիւզանդիոնը վերածուեցաւ կայսերական մայրաքաղաք։ Խոր ծերութեան պատճառաւ չմասնակցեցաւ Նիկիոյ ժողովին, այլ ղրկեց իր աւագերէցը` Աղեքսանդրոս, որ իր յաջորդը եղաւ։ Վախճանեցաւ խաղաղ մահով։

իսկ Աղեքսանդրիոս հայրապետը յաջորդեց Մետրոփանոս հայրապետին։ Եպիսկոպոս օծուեցաւ Նիկիոյ ժողովի հայրերէն։ Ան եղաւ Առատաձեռն, պերճախօս, արդար եւ աստուածասէր հովուապետ մը ։ Իր եւ Ս. Յակոբ Մեծբնացիի աղօթքին կը վերագրուի Արիոս հերետիկոսի յանկարծական եւ չարաչար մահը։ Աղեքսանդրոս հայրապետը վախճանած է խաղաղ մահով 340-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.