2008-11-05 13:09:31

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Ս. Աթոռը դիւանագիտական կապեր կը հաստատէ Պոթսուանայի հետ. ամենէն կայուն երկիրնրէն մէկը Ափրիկէի ցամաքամասի։

Ս. Աթոռը եւ Պոթսուանա հանրապետութիւնը վճռեցին դիւանագիտական կապեր հաստատել, յայտարարած է Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։ Մոնթէնեկրոյէն եւ արաբական Էմիրաթներէն ետք, Պոթսուանան երրորդդ երկիրն է որ դիւանագիտական կապեր կը հաստատէ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան ընթացքին։

Ս. Աթոռը եւ Պոթսուանա հանրապետութիւնը բաղձալով ամրապնդել իրենց բարեկամական կապերը եւ զարգացնել իրենց միջազգային համագործակցութիւնը, վճռեցին միացեալ համաձայնութեամբ դիւանագիտական կապեր հաստատել . առաքելական դեսպանութիւն Վատիկանի համար եւ դեսպանութիւն Պոթսուանա հանրապետութեան համար, Վիեննայի դաշինքի հիման վրայ ապրիլ , հայող դիւանագիտական կապերու , կը կարդանք Ս. Աթոռի մամլոյ հաղորդագիրին մէջ։

Պոթսուանա նկատուած է որպէս Ափրիկէի ամենէն կայուն երկիրներէն մէկը, շնորհիւ՝ անոր հաստատ քաղաքականութեան, ընկերային խաղաղութեան, իմաստուն վարչակարգին ու բարգաւաճ տնտեսութեան, հիմնուած՝ մասնաւորապէս ադամանդի արտադրութեան վրայ։ կառավարութիւնը այս տարի 80 միլիոն եւրօ տրամադրած է սիտայի հիւանդութեան դէմ պայքարելու համար։

Պենետիկտոս ԺԶ Պապը 10 Յունիս 2005-ին ընդունելով Պոթսուանայի եպիսկոպոսները ընդգծեց հարկաւորութիւնը շարունակելու պայքարը սիտայի հիւանդութեան դէմ, որ ոչ միայն մահաբեր է այլեւ լրջօրէն կը սպառնայ ցամաքամասի տնտեսական ու ընկերային քաղաքականութեան։ Ս. Աթոռի տուեալներու համաձայն երկրին բնակչութեան մեծամասնութիւնը բողոքական է, կաթողիկէները կը հաշուեն շուրջ 84.000 հոգի` բնակչութեան 5 տոկոսը։ Պոթսուանայի կաթողիկէ եկեղեցին ունի 38 ժողովրդապետութիւններ մէկ թեմ եւ առաքելական փոխանորդութիւն, 37 թեմական քահանաներ, 44 կրօնաւորներ, եւ 77 կրօնաւորուհիներ եւ շուրջ 300 կրօնուսոյցներ։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջին առաքելութիւնը Պոթսուանայի մէջ սկսաւ 1928-ին։ Նշենք թէ Ս. Աթոռը ներկայիս 177 պետութիւններու հետ դիւանագիտական կապեր հաստատած է, որուն պէտք է աւելցնել Մալթայի կարգը, դիւանագիտական առաքելութիւնները Դաշնակցային Ռուսիոյ եւ պաղեստինեան ազգային Իշխանութեան հետ։

Վիէթնամը, Սէուտական Արաբիան եւ Չինաստանը Վատիկանի մօտ ներկայացուցիչ չունին ։

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Հաղորդագրութեանց Գրասենեակի Տնօրէն Հայր ֆէտէրիքօ Լոպարտիի Յայտարարութիւնը՝ Պարաք Օպամայի Նախագահ Ընտրութեան առիթով։



Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Հաղորդագրութեանց Գրասենեակի Տնօրէն եւ միաժամանակ Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնը Յիսուսեան հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի, իտալական ՝՝Անսա՝՝ լրատու գործակալութեան տուած իր յայտարարութեամբ շնորհաւորեց Պարաք Օպամայի որպէս Ամերիկայի 44րդ նախագահ ընտրութիւնը։ ՝՝Բոլորս կը մաղթենք որ Նախագահ Օպամա կարենայ պատասխանել իրմէ սպասուած՝ ակնկալութիւններուն եւ յոյսերուն։ Հաւատացեալները(կ՝ըսէ ֆէտէրիքօ Լոմպարտի) կ՝աղօթէն Աստուծոյ որպէսի լուսաւորէ զինք ու օգնէ անոր՝ մեծ պատասխանատուութիւն պահանջող իր պաշտօնին մէջ,իր երկրին ու նաեւ բոլոր աշխարհի համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.