2008-11-05 13:07:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը. Ս. Պօղոս Առաքեալի քարոզութիւնը Քրիստոսի Ս. Յարութեան նիւթին մասին


Չորեքշաբթի նոյեմբեր 5. 2008 Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 20.000 ուխտաւորներուն, Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Ս. Պօղոս առաքեալի մասին, այսօր Սրբազան Պապը խօսեցաւ ՙ ՙՔրիստոսի Յարութիւնը Պօղոս առաքեալի քարոզութեան մէջ՚ ՚ նիւթին մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)
Անցեալ Չորեքշաբթի օրը մեր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուցինք Պօղոս առաքեալի մօտ Քրիստոսի խաչելութեան նշանակութեան վրայ, այսօր` ըսաւ Սրբազան Հայրը, խորհրդածութիւն պիտի կատարենք Քրիստոսի Յարութեան կեդրոնական ու վճռական բնութեան մասին, Պօղոս առաքեալի քարոզութեան մէջ։
Արդարեւ Պօղոս առաքեալի ուսուցումը կը սկսի ու կը վերջանայ Քրիստոսի խորհուրդի վրայ. Հայրը` Աստուծոյ Որդին հաստատեց իր զօրութեամբ, մահէն կանչելով, քօղազերծեց Խաչեցեալին ճշմարիտ ինքնութիւնը։ Ան, որ յայտնեց Աստուծոյ անսպառ սէրը մարդոց հանդէպ եւ Խաչին վրայ մեռաւ, Ան է, Հօր Աստուծոյ յաւիտենական Որդին։
Յարութիւն առնելով, Քրիստոս դարձաւ Տէրը մեռեալներու ու ողջերուն։ Անով արդարացանք, այսինքն արդար դարձանք, եւ մենք ներադրուեցանք այս ընթացքին մէջ որ ամէն ինչ կ`առաջնորդէ դէպի լիութիւն։ Քրիստոսի յարութիւնը հիմն է մեր յոյսին, այնպէս որ առանց անոր, քրիստոնէական կեանքը անհեթեթ, անիմաստ կը դառնայ։
Մահուան գերիշխանութենէն ազատագրուած, կարող ենք վերագնուածի կեանք մը վառել եւ Քրիստոսի չարչարանքներու մասնակցելով հետզհետէ Անոր կը կերպանանք։ Շնորհիւ մեր զօրակցութեան Յարուցեալ Քրիստոսի հետ պիտի կարենանք գտնել մեր մարդկային վիճակի ներդաշնակութիւնը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին նորին սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Քրիստոսի յարութիւնը դառնայ ձեր յոյսը (ըսաւ Պ. ԺԶ ) եւ ուղղէ ձեր նախընտրութիւնները ու կեանքը դէպի բարին։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբզ. Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ այս օրերուն աղօթելու մեր սիրեցեալ ննջեցեալներուն համար ու անոնց յիշատակը թող առիթ ըլլայ խորհրդածելու մահուան ու յաւիտենական կեանքին մասին։

Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաները հրաւիրեց որ միասնաբար արտասանեն Տէրունական աղօթքը` Հայր մերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.