2008-11-05 13:54:48

Կաթողիկէ-Իսլամ Համաժողովը վատիկանի մէջ 4էն-6 Նոյեմբեր։Արաբական Մամլոյ մէջբերումները այս Համաժողովի առթիւ։


Իսլամ Ուլէմաները այս շաբաթ պիտի հանդիպին Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Քահանայապետին,կարգ մը կաթողիկէ բարձրաստիճան եկեղեցականներու հետ միասին, այն յոյսով թէ Վատիկան վաւերացնէ միացեալ ծրագիր մը որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարել եւ ուղղել տագնապները որ կը ծագին քրիստոնեաներու եւ մահմէտականներու մ իջեւ(հոս անուղղակիօրէն, ակնարկութիւնը կը հայի Մոհամմէտի հայող վիրաւորիչ զարդանկարներու պարագային)։Ապա կան կարգ մը Իսլամ Ուլէմաներու յայտարարութիւնները որ սաուտական համացանցային թերթը /a> կը մէջբերէ։ Օրինակի համար Թուրք Ուլէմա Իպրահիմ Գալին կ՝ըսէ թէ ՝՝ Պէտք է որ ունենանք գործելակերպ մը կառավարելու համար տագնապները,իրարու հանդիպելու եւ հրատարակելու միացեալ հաղորդագրութիւն մը եթէ ծայր տայ զարդանկարներու նոր տագնապ մը՝՝։ Իսկ կեդրոնը Ամման գտնուող ՝՝Իսլամիքա՝՝ պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սուհաիլ Նաքհուտա կ՝աւելցնէ թէ ՝՝ քրիստոնեաները եւ մահմէտականները պէտք է ՝՝Ոչ՝՝ ըսեն կրօնական հալածանքին,ինչպէս որ այժմ կը պատահի Իրաքի քրիստոնեայ փոքրամասնութեան նկատմամբ։ Իսլամ պատուիրակութիւնը կազմուած 24 պատգամաւորներէ կը վայելէ Պոսնիա-էրզէկովինայի Միւֆթի Մուսթաֆա Չէրիչ-ի գլխաւորութիւնը,իսկ Միջ-Կրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Կարտինալ Թոռան կը գլխաւորէ 24 անձնաւորութիւններէ եւ կաթողիկէ մասնագէտներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.