2008-11-05 13:18:08

Լուրեր հայ աշխարհէն- Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բարելաւման կարելիութիւններու քննարկում Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ


Թըրքիշ Տէյլի Նիուզի համաձայն, շրջանային դաշնակիցներ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը պատրաստուին քննարկել Երեւանի հետ մերձեցման քաղաքականութիւնը։ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյեմբեր 5-ին Անգարայի մէջ թուրք ղեկավարներու հետ պիտի քննարկէ Կովկասի մէջ կայունութիւն հաստատելու քայլերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ մերձեցման քաղաքականութիւնը։ Կը նախատեսուի, որ Անգարայի մէջ այս հանդիպումը շրջանին մէջ քաղաքական խորհրդակցութեանց դուռ բանայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական լուծումի մը համար ։ Կը նախատեսուի նաեւ որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան մօտ ատենէն Մոսկուան այցելէ։



Զապէլ Եսայեանի գրական եւ մարդասիրական արժէքներուն մասին դասախօսութիւն Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի մէջ Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Մշակութային ժամին, հինշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2008-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զապէլ Եսայեան՝ մեծ գրողն ու մարդասէրը նիւթով դասախօսութիւն մը, որ ներկայացուց Ազատուհի Գալայճեան - Սիմոնեան՝ ներկայութեամբ համալսարանական դասախօսներու եւ մեծ թիւով գրասէրներու։

Օրուան դասախօսը Ազատուհի Սիմոնեան եղած է Հայկազեան համալսարանի ուսանողուհի եւ հեղինակն է բազմաթիւ գիրքերու, որոնք նաեւ կանդրադառնան հայ կին գրողներուն։ Դասախօսը հաստատեց, թէ Զապէլ Եսայեան իրեն համար դարձած է ներշնչման աղբիւր եւ հայ կնոջ ու մօր տիպար օրինակ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Եսայեանի գրական ստեղծագործութիւններուն եւ ոճին, հրատարակած գիրքերուն, արծարծած նիւթերուն եւ իր գործերուն արժէքին. յայտնելով, որ Եսայեան նաեւ կատարած է բազմաթիւ մարդասիրական աշխատանքներ, որոնցմէ է Լիբանանի մէջ հայ գաղթականներու հաստատման գործընթացին մէջ իր ունեցած մեծ դերակատարութիւնը։

Իր գրութիւններով Զապէլ Եսայեան կարտայայտէ իր զգացումները, հայութեան վիշտը, տառապանքն ու դժուարութիւնները։ Ըսաւ դասախօսը շեշտելով, որ Եսայեան բառերով արտայայտուող գեղանկարիչ մըն է, որ ունեցած է մեծ տաղանդ։ Ան շարունակ աշխատած է ապահովելու հայ կնոջ իրաւունքներն ու արդար տեղը ընկերութեան մէջ։ Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղած են Տիկ Ազատուհի Գալայճեան – Սիմոնեանին որոնց ան պատասխանած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.