2008-11-04 10:54:23

Պենետիկտոս ԺԶ պապը Անկոլան պիտի այցելէ մարտ 20-23։


Ս. Աթոռի դեսպանը գերապայծառ Angelo Becciu մամուլին հետ ունեցած ելոյթով հաստատեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ պապը մարտ 20-23 այցելութիւն պիտի կատարէ Անկոլա ։ Անկոլա կեցութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ երկրի հանրապետութեան նախագահ José Eduardo Dos Santos-ի հետ, մարտ 22-ին պատարագ պիտի մատուցէ եւ հանդիպում պիտի ունենայ երկրի երիտասարդներու եւ կղերին հետ։ Անկոլայի մէջ Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը պիտի ուղղէ երկրի քրիստոնեայ եւ ոչ-քրիստոնեայ բնակիչներուն։ Անկոլայի բնակչութեան 40 տոկոսը կաթողիկէ է, 15ը` բողոքական եւ 45ը` հոգեպաշտ։

Իսկ Պենետկիկտոս ԺԶ պապի Գամերուն այցելութիւնը նախատեսուած է 17 մարտին համար։ Գամերունին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Ափրիկէի ցամաքամասի եպիսկոպոսներուն հետ։ Նշենք թէ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսի փակման արարողութեան ընթացքին յայտնած էր իր կամքը այցելելու Գամերունը եւ Անկոլան 2009ի մարտ ամսոյն ընթացքին։ Ասիկա պիտի ըլլայ Սրբազան Պապին 11-րդ ճամբորդութիւնը Իտալիայէն դուրս եւ առաջինը՝ ափրիկեան ցամաքամասը։



Սրբազան քահանայապետին Նոյեմբեր ամսուան աղօթքի ընդհանուր եւ միսիոնարական դիտաւորութիւնները

Պենետիկտոս ԺԶ պապը նոյեմբեր ամսուան ընդհանուր դիտաւորութիւնe՝ աղօթել որպէսզի Սուրբերու ապրած սիրոյ վկայութիւնը զօրացնէ քրիստոնեաները իրենք զիրենք տալու Աստուծոյ ու եղբայրներուն, նմանելով Քրիստոսի որ եկաւ ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։

իսկ որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն . աղօթել որպէսզի Ասիայի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար, որպէսզի անոնք դիտելով Քրիստոսի դէմքը, պատշաճ միջոցները գտնեն Աւետարանը քարոզելու այս լայնածաւալ ցամաքամասին, հարուստ մշակոյթով ու հոգեւորականութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.