2008-11-04 14:44:26

Ծիսական ժանակացոյցԵրեքշաբթի 4 նոյեմբեր2008, տօնն է Ակփսիմոս եպիսկոպոսի, Յովսէփ քահանայի, Այթալաս սարկաւագի եւ Պղատոն վկայի։


Ակփսիմոս եպիսկոպոս – Ազգով պարսիկ էր, կ`ապրէր Դ դարուն պարսից երկարակեաց Շապուհ թագաւորին օրով։ Արդէն ծերունի, կանչուեցաւ մոգպետէն եւ հրահանգուեցաւ երկրպագել արեգակին եւ կրակին։ Ան մերժեց եւ այս պատճառաւ, ենթարկուեցաւ ծանր չարչարանքներու ու բանտ նետեւեցաւ։ Երբ իրեն ըսուեցաւ որ վերջին տնօրէնութիւնները ընէ իր ինչքերուն ու տան մասին ըսաւ. այս երկրի վրայ ոչ ինչք եւ ոչ ալ տուն ունիմ, իմ ամբողջ ինչքս եւ տունս Քրիստոսն է։ Ակփսիմոս եպիսկոպոս բրածեծ աւանդեց իր հոգին։

Յովսէփ քահանայ - Ազգով պարսիկ, աւելի քան 70 տարեկան էր երբ ձերբակալուեցաւ։ Մերժելով երկրպագել արեգակին եւ կրակին, չարաչար խոշտանգումի ենթարկուեցաւ եւ երեք տարի բանտարկուեցաւ։ Ի վերջոյ քարերու տարափին տակ նահատակուեցաւ։

Այթալաս – Սարկաւագ էր Ակփսիմոս եպիսկոպոսին, ազգով հաւանաբար պարսիկ էր, Ինք եւս Ակփսիմոս եպիսկոպոսի ու Յովսէփ քահանայի նման մարտիրոսացաւ 340-380 տարիներուն։

Պղատոն վկայ – Ծնած Անկիւրա ազնուական եւ քրիստոնեայ ընտանիքէ։ Մատաղ տարիքին որբ մնաց։ Իրեն ինկած ժառանգութիւնը աղքատներուն բաշխեց ու եռանդով նուիրուեցաւ հեթանոսները դարձի բերելու եւ տկարները պաշտպանելու գործին մէջ։ Ի վերջոյ ամբաստանուեցաւ իբրեւ քրիստոնեայ։ Պղատոն վկան քաջաբար խոստովանեցաւ իր հաւատքը ըսելով. քրիստոնեայ եմ, կը պաշտեմ մէկ Աստուած` Արարիչը երկնքի ու երկրի, կ`արհամարեմ կուռքերը, կը նողկամ դեւերէն, պատրաստ եմ իմ արիւնս թափելու Քրիստոսի սիրոյն համար։ Դատաւորը զայրացած հրամայեց ձաղկել զինք արջառջիլով։ Ի պատասխան այս տառապանքներուն Պղատոն վկայ դատաւորին պատասխանեց. գիտցած եղիր, որ Աստուած պիտի վերադարձնէ ինծի այս մարմինը, զոր կ`աշխատիս եղծել ու փճացնել, իսկ քու մարմինդ պիտի այրի անշէջ կրակով։ Պղատոն վկայ նահատակուեցաւ գլխատումով 304-ին։

Մարտիրոսաց Շարականէն - Փրկէ՚ զմեզ, Տէր, աղաչանքերովը վկաներուդ, որոնք բռնաւորներուն առջեւ իրենց նահատակութեան տեսարանը պարզեցին. Երրեակ լոյսին հաւատքով յաղթելով` փառաբանութեան առիթ ընծայեցին մեզի։








All the contents on this site are copyrighted ©.