2008-11-04 14:53:53

Լուրեր հայ աշխարհէն Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը կը մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի 32-րդ նստաշրջանին


Հ Հ արտաքին գործոց փոխնախարարը Գեղամ Ղարիբջանեան Երկուշաբթի 3 Նոյեմբեր 2008-ին այցելութիւն կատարեց Քիշնեւ մասնակցելու՝ 4 Նոյեմբերին կայացող Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի 32րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։ Սոյն նստաշրջանին հայրենի փոխնախարարը յատուկ խօսք պիտի արտասանէ։



Սէյրան Օհանեանի այցը Ռումանիա

Հ Հ պաշտպանութեան նախարարը Սէյրան Օհանեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւն կատարեցին Պուքրէշ, հանդիպում ունենալու Ռումանիոյ պաշտպանութեան նախարար Թէոտոր Մելեշքանուի հետ։ Նաեւ՝ Ռումանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։



Միացեալ Նահանգներ

Հայազգի Հրազդան Զէյթլեան Քալիֆորնիոյ ճարտարապետներու խորհուրդի Անդամ

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ՝ Առնոլտ Շուարցնէկըր անցեալ 29 Հոկտեմբեր 2008-ին ճարտարապետներու խորհուրդի Անդամ նշանակած է 43-ամեայ հայ ճարտարապետ Հրազդան Զէյթլեանը որ 1988-էն ի վեր աշխատած է Լոս Անճըլըսի ճարտարապետական տարբեր հիմնարկներու մէջ իսկ 2007 էն ի վեր փոխնախագահն ու ձեւաւորման վարիչն է ՙ ՙԼիո Էյ. Տէյլի՚ ՚ հիմնարկի Լոս Անճըլըսի գրասենեակին։



Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ու նախակրթարանի գրադարանի եւ վարսատուն սրահի բացումը

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, շաբաթ, 1 նոյեմբեր 2008-ին, վարժարանի Յովհաննէս Ֆարաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աբրահամ Ներկիզեան նախակրթարանի գրադարանի եւ Ֆոր Մամ Էնտ Մի մօր եւ մանկան վարսատուն-սրահին բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ բարերարներու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու։

Այս առթիւ խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնը Կրեկուար Գալուստ, եւ նշեց, թէ վարժարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնները կը սկսին այս զոյգ կեդրոններու բացման արարողութեամբ։ Ան նաեւ խօսեցաւ գրադարանի ու վարսատուն-սրահի բացման աշխատանքներուն, հոլովոյթին ու նպատակներուն մասին՝ շեշտելով, որ այս զոյգ նախաձեռնութիւնները չէին իրականանար, եթէ գոյութիւն չունենային վարժարանի բարերարները, ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան նոր ծրագիրներուն։

Իր խօսքի աւարտին Կրեկուար Գալուստ յոյս յայտնեց, որ զոյգ կեդրոններու բացումը յառաջիկային խթան հանդիսանայ նոր ծրագիրներու յաջողութեան ու 70-ամեայ Մեսրոպեան վարժարանի ուղիին զարգացման։ Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որմէ ետք ներկաները բարերարներուն առաջնորդութեամբ հերթաբար կատարեցին Աբրահամ Ներկիզեան մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բաժանմունքներու գրադարանի եւ Ֆոր Մամ Էնտ Մի մօր եւ մանկան վարսատուն-սրահին բացման արարողութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.