2008-11-04 14:41:17

Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

Այսօր Ամերիկացիները կ՝ընտրեն իրենց նոր նախագահը։


Ակնարկ մը Միջազգային Դէպքերուն։

Այսօր Ամերիկացիները կ՝ընտրեն իրենց նոր նախագահը։

Պարաք Օպամա այսօր պատմութիւն կերտելու շեմին կը գտնուի, մինչ երէկ հրապարակուած հարցախոյզները ցոյց կու տային, որ ամբողջ սերունդի մը համար Միացեալ Նահաններու ամէնէն ճակատարական նախագահական ընտրութեան ընտրական քարոզչութեան վերջին օրուան տուեալներուն համաձայն, Օպամա,Ճոն ՄքՔէյնի վրայ լայն առաւելութիւն կը վայելէ։ Նշենք նաեւ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Պարաք Օպամայի մեծ մայրը մահացաւ ընտրութեան նախորեակին։



Անտեսելով հարցախոյզներուն արդիւնքները ՄքՔէյն խոստացաւ զանոնք կատարողները շփոթի ենթարկելով այսօր պարտութեան մատնել դեմոկրատական թեկնածուն։

Մրցակցութիւնը ընդհանուր առմամբ կը սահմանափակուի վեց նահանգներու մէջ։ Քոլորատօ, Նեւատա եւ Այոա նահանգներուն մէջ յաղթանակ ապահովելու պարագային, Օպամա կարիքը պիտի չունենայ Օհայոյի եւ Ֆլորիտայի մէջ յաղթելու։

Իւրաքանչիւր թեկնածու կը պայքարի Ընտրական համաժողովին մէջ 270 քուէ ապահովելու։

Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի Ճափոնի ՝՝Օպամա՝՝ նաւահանգիստ- քաղաքը, ուր պատրաստութիւններ կը կատարուին դեմոկրատական թեկնածու Պարաք Օպամայի յաղթանակին պարագային, մեծ տօնախմբութիւն կատարելու։ Ընտրութեան հետաքրքրութեամբ կը հետեւին նաեւ Քենիոյ մէջ, ուր կը բնակի դեմոկրատական թեկնածու Օպամայի հօրենական մեծ մայրը։



Ալիեւը Նոյեմբեր 5ին Թուրքիա Կայցելէ։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին Թուրքիա պիտի այցելէ, Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ապտուլլահ Կիւլի հրաւէրով։

Ատրպէյճանի նախագահ վերընտրուած Ալիեւի ի պատիւ հանդիսաւոր ընդունելութիւն ծրագրուած է։ Այս մէկը Ալիեւի վերընտրութենէն ետք անոր պաշտօնական առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է։

Ըսենք թէ Նոյեմբեր 14ին Թուրքիոյ նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ Ատրպէյճան պիտի երթայ՝ մասնակցելու ուժանիւթի հարցերու նուիրուած Գերաստիճանի մը։

Բացուեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նոր Մասնաշէնքը ԵՐԵՒԱՆ։

Նոյեմբեր 1ին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նոր՝ Փարամազ Աւետիսեանի անունը կրող մասնաշէնքին, որուն առաջին յարկին վրայ զետեղուած է բարերարին արձանը։ Միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ գիտնականներ։

Նորաբաց մասնաշէնքը օրհնուեցաւ ձեռամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ։



13 Տարի Առաջ Կը Սպաննուէր Իսրաէլի վարչապետը Եիթզաք Ռապին։



Եիթզաք Ռապին,Պաղեստինեան Ազատագրումի Կազմակերպութեան Նախագահ Արաֆաթի հետ եղած էր Իսրաէլ-Պաղեստին խաղաղութեան գործընթացքի դերակատարը։ Ան 4 Նոյեմբեր 1995ին կը սպաննուէր Թէլ Ավիվի մէջ ծայրայեղ հրեայ երիտասարդի մը կողմէ։ Ասյօր եւս Ռապինի սպաննութեան դէպքը դժբախտաբար կը պատճառէ բուռն հակադրութիւններ իսրաէլեան քաղաքական երփներանգ համայնապատկերէն ներս,Հրէական Պետութեան տարբեր մարմիններու վերաբերեալ մեղսակցութեան կասկածներու եւ ամբաստանութիւններու պատճառով։








All the contents on this site are copyrighted ©.