2008-11-04 15:01:02

2008 – Քրիստոնէականի ուսուցման տարին Զրոյց 17-րդ Եպիսկոպոսական դասը

183-Ո՞րն է Եպիսկոպոսներո


ւ Դասին յանձնառութիւնը։

Եպիսկոպոսներու Դասը, հաղորդակցաբար Պապին հետ եւ երբե՛ք առանց անոր, ինք եւս Եկեղեցւոյ վրայ գերագոյն եւ լիակատար իշխանութիւն կը վայելէ։ 184-Եպիսկոպոսները ուսուցանելու իրենց առաքելութիւնը ինչպէ՞ս կը կիրարկեն։ Եպիսկոպոսները հաղորդակցաբար Պապին հետ՝ պարտականութիւնն ունին Աւետարանը հաւատարմօրէն եւ իշխանութեամբ բոլորին քարոզելու։ Անոնք Քրիստոսի իշխանութիւնը զգեցած եւ առաքելական հաւատքին վաւերական վկաներն են։ Աստուծոյ Ժողովուրդը, շնորհիւ հաւատքի իր գերբնական ըմբռնողութեան եւ Եկեղեցւոյ կենդանի Վարդապետումին առաջնորդութեան, իր հաւատքին անքակտելիօրէն կը յարի։

185-Եկեղեցային Վարդապետումին անսխալականութիւնը ե՞րբ կը կիրարկուի։ Սոյն անսխալականութիւնը կը կիրարկուի երբ Սրբազան Քահանայապետը Եկեղեցւոյ գերագոյն Հովիւի իր իշխանութեամբ կամ երբ եպիսկոպոսներուն Դասը հաղորդակցաբար Պապին հետ եւ մանաւանդ տիեզերական ժողովի մը մէջ՝ վերջնորոշ վճիռով հաւատքի կամ բարոյականի հայող վարդապետութիւն մը կը հռչակեն։ Նաեւ երբ Պապն ու Եպիսկոպոսները իրենց սովորական Վարդապետումի ընթացքին՝ միաձայնութեամբ վարդապետութիւն մը որպէս վերջնորոշ կը յայտարարեն։ Ամէն հաւատացեալ պարտի նման ուսուցումին յարիլ հաւատքի հնազանդութեամբ։

186-Եպիսկոպոսները սրբացումի իրենց պաշտօնատարութիւնն ինչպէ՞ս կը կատարեն։

Եպիսկոպոսները Եկեղեցին կը սրբացնեն Քրիստոսի շնորհքը բաշխելով Խօսքի, սուրբ Խորհուրդներուն եւ յատկապէս սուրբ Հաղորդութեան մատակարարումին շնորհիւ, ինչպէս նաեւ իրենց աղօթքներով, ապա իրենց կեանքի օրինակով եւ իրենց վաստակով։

187-Եպիսկոպոսները իրենց կառավարումի պաշտօնը ինչպէ՞ս կը կիրարկեն։

Ամէն Եպիսկոպոս որպէս անդամ եպիսկոպոսական դասին՝ ամբողջ Եկեղեցիին եւ բոլոր առանձնական Եկեղեցիներուն խմբական հոգածութիւնը կը ստանձնէ, Պապին միացած միւս Եպիսկոպոսներուն հետ միատեղ։ Եպիսկոպոսը իրեն յանձնուած անձնական Եկեղեցին կը կառավարէ իր յատուկ, սովորական եւ անմիջական իշխանութեամբ, Քրիստոսի՝ Բարի Հովիւի անունով եւ Պետրոսի յաջորդին առաջնորդութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.