2008-11-02 14:32:21

Տաթեւ Հայագիտական Տարեգիրքը Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարանին Մէջ։


Շնորհաւորանքնե՜ր, անվե՜րջ շնորհաւորանքներ եւ յարատեւութեան մաղթանքներ ուղղուեցան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս Սարգիսեանին, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային-Մշակութային զարթօնք ապրող հալէպահայ համայնքին։

Ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2008-ին, կազմակերպութեամբ Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ պատուոյ շնորհահանդէս՝ Տաթեւ հայագիտական տարեգիրքին, ներկայութեամբ, համաշխարհային վարկ ունեցող օտար, հայրենի եւ սփիւռքահայ ակադեմականներու, գիտնականներու, բանասէրներու եւ հայագէտներու։ Տարեգիրքին ներկայացումը կատարեց Մատենադարանի ձեռագրերու բաժինի պատասխանատու Գէոր Տէր Վարդանեան ։ Ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը՝ Շահան Սրբազանը, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց քաղաքամայր Երեւանի 2790-րդ տարեդարձը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Մատենադարանի տնօրէնութեան՝ ի մասնաւորի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանին, ողջունեց Լեւոն Խաչիկեանի 90-ամեակին գիտաժողովի մասնակիցները, եւ Մատենադարանի ճամբով անգամ մը եւս ամրապնդելով այն անքակտելի կապը, որ գոյութիւն ունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան միջեւ։ Շահան Սրբազան իր խօսքին մէջ շեշտեց մանաւանդ այսպիսի առիթներու ընձեռած նպաստը՝ համագործակցութեան եւ Հայրենիք-Սփիւռք փոխյարաբերութեանց բարգաւաճման։ Աւարտին ներկաները Տաթեւ Հայագիտական Տարեիրքէն օրինակներ նուէր ստացան, որպէսզի աւելի մօտէն ծանօթանան գիրքի բովանդակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.