2008-11-02 14:29:45

Հայրենի Կեանք


Պարգեւատրուեցաւ`Արմաւիայի 500 Հազարերորդ Ճամբորդը։

Արմաւիա Օդանաւի ընկերութիւնը եւ Վիվասելը վերջերս պարգեւատրած են Արմաւիաի այս տարուան 500 հազարերորդ ճամբորդը։ Երեւան-Հալէպ թռիչքի ուղեւոր, հալէպահայ Սրբուհի Փալանճեան տուն վերադարձին նուէր ստացած է պատկերասփիւռ եւ բջիջային հեռաձայն մը՝ արծաթէ հեռախօսահամարով։ Ան յայտնած է, որ չորրորդ անգամն է, որ Հայաստան շրջագայութեան կուգ այ եւ շատ ուրախ է, որ հայրենիքի մէջ նման անակնկալի մը կարժանանայ։

Արմաւիա ընկերութեան անվտանգութեան ծառայութեան պետ Ռաֆայէլ Աւետիքեան յայտնած է, որ ուղեւորներուն անակնկալ պարգեւատրումը ընկերութեան համար հաճելի պարտականութիւն է։ Արմաւիա ընկերութիւնը պիտի պատուէ նաեւ միլիոներորդ ուղեւորը եւ պիտի նուիրէ թանկարժէք ինքնաշարժ մը։ Կը նախատեսուի, որ այս երկրորդ պարգեւատրումը իրագործուի 2009-ին։

Արմաւիաի ուղեւորափոխադրումները նախորդ տարուան համեմատ այս տարի աճած են 12-13 առ հարիւրով։

Սփիւռքի Նախարարութեան Խորհրդանշանի Մրցում։

Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ յարաբերութիւններու վարչութենէն յայտնած են, թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը յայտարարած է՜՜ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խորհրդանշանի մրցում՜՜։ Խորհրդանշանը պէտք է արտայայտէ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ միացեալ գործունէութեան գաղափարը։ Մրցումին մասնակցիլ փափաքողները խորհրդանշանի իրենց նախագիծները մինչեւ նոյեմբեր 10 կրնան ներկայացնել ելեկտրոնային եւ թղթային (գունաւոր) տարբերակներով։ Մրցումին արդիւնքները պիտի ամփոփուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի համապատասխան մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի մը կողմէ՝ մինչեւ նոյեմբեր 20։ Իսկ լաւագոյն աշխատանքին հեղինակը Փիւնիկ հիմնադրամին կողմէ պիտի պարգեւատրուի նիւթական մրցանակով մը։

Միւս կողմէ, նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի միջեւ ստորագրուած է գործակցութեան ծրագիր մը, որ կը նախատեսէ իրագործել Հայաստան-Սփիւռք գրական կապերու սերտացման, Հայաստանի գրական կեանքին մէջ Սփիւռքի Գրողներու ընդրկման, գրականութեան պատրաստութեան եւ տպագրութեան, գիտաժողովներ կազմակերպելու եւ այլ կարեւոր նպատակներու ծառայող միջոցներ։



Հահամայկական Երիտասարդական Գիտաժողով Ազգային Շահերը Նիւթով։

Ծաղկաձորի մէջ 19-21 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՜՜21-րդ դար հայ ժողովուրդի ազգային շահերը՜՜ խորագիրով համահայկական երիտասարդական Գիտաժողով մը։ Կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Ատոմ Մխիթարեան տեղեկացուցած է, թէ Գիտաժողովին նպատակը եղած է համահայկական խնդիրներով զբաղող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու միատեղ համախմբումը, որուն ընթացքին քննարկուած են անոնց կարծիքները եւ մշակուած՝ անոնց միացեալ ծրագիրները։

Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած են երիտասարդական յիսուն կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդ գիտնականներ, համահայկական խնդիրներով զբաղող պետական ու հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ։



Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը եւ Էայփոստ Բաժնետիրական Ընկերութիւնը Ստորագրեցին Համագործակցութեան Ծրագիր մը։

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը եւ Հայփոստ բաժնետիրական ընկերութիւնը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը, որուն ծիրին մէջ պիտի իրականացուի 2008 թուականի հոկտեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին միացեալ դրամահաւաք-քարոզարշաւ։

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը Հայփոստին հետ մշակած է կանխիկ նուիրատուութիւններու փոխանցման նոր, դիւրացուած կարգ մը, որուն համաձայն, յառաջիկայ երեք ամիսներու ընթացքին փափաքողները պիտի կարենան մասնակցիլ հիմնադրամի՝ սահմանամերձ գիւղերու զարգացման ուղղուած դրամահաւաքին՝ կանխիկ նուիրատուութիւններ կատարելով Հայփոստի որեւէ բաժանմունքի մէջ։

Յիշեցնենք, որ այս տարի հիմնադրամին հաւաքուած գումարները պիտի ուղղուին Գիւղերու զարգացման ծրագրին, որուն նպատակն է վերականգնել Հայաստանի սահմանամերձ իւղական համայնքները։

Հիմնադրամը իր գործունէութեան 16 տարիներու ընթացքին իրականացուցած է մօտաւորապէս 185 միլիոն տոլարի ծրագիրներ։ ՜՜Հեռուստամարաթոն 2008ը՜՜ տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 27-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։

Նշենք, որ Հայաստանի նախագահի Գրասենեակը մրցում յայտարարած է Հայաստան հիմնադրամի գործադիր-տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար։ Մրցումին պայմանները հրապարակուած են մամուլով, իսկ մրցումին ժամկէտը նոյեմբեր 15 է։

Հայրենի Կեանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.