2008-11-02 14:25:50

Իրաքի Եպիսկոպոսներու խորհրդաժողովը Էպրիլ թեմին մէջ, ներկայութեամբ առաքելական դեսպանին։ Քրիստոնեաներու դէմ յարձակումը արդիւնքն է ծրագրուած քաղաքականութեան մը։


Իրաքի եպիսկոպոսները 29 հոկտեմբեր 2008-ին Էպրիլ քաղաքին մէջ գումարած ժողովին աւարտին հաղորդագրած են թէ քրիստոնեայ հասարակութեան դէմ կատարուած բռնութիւնները մաս կը կազմէ քաղաքական ծրագրի մը որուն նպատակն է ընդհարումներ արծարծել բնակչութեան տարբեր խմբակներու միջեւ։ Այս առթիւ եպիսկոպոսները անգամ մը եւս կը հաստատեն թէ Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութիւնը անբաժան մէկ մասն է իրաքեան ժողովուրդին։ Հանրային իշխանութիւններու պարտականութիւնն էր անյապաղ միջամտել պաշտպանելու Մուսուլի քրիստոնեայ հասարակութիւնը։ Պետութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել քաղաքացիները, օգնել արտահանները իրենց տուն վերադարձին, յատուցանել անոնց կրած վնասները ու երաշխաւորել անոնց անվտանգութիւնը։ Իրենց հաղորդագիրին մէջ եպիսկոպոսները կ`ընդգծեն Իրաքի քրիստոնեաներու ուղղամտութիւնը հանդէպ իրենց հայրենիքին, եւ կը վերահաստատեն քրիստոնեաներու կամքը՝ համակեցութեան ու համագործակցութեան, բոլոր իրենց եղբայրներուն հետ, մասնակցելով երկրին ուրախութիւններուն ու ցաւերուն եւ կը մերժեն կղզիացումը։ Իրաքի եպիսկոպոսներու այս յայայտարարութիւնը կը կրէ ստորագրութիւնը գերապայծառ Jean-Benjamin Sleimanի քարտուղարը եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի։ նշենք թէ Էրպիլ թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Ռապպան Ալ նախապէս քաջալերուած Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետի կոչէն, պաշտպանը հանդիսացաւ Մուսուլի քրիստոնեաներուն։ Ան, նախարարապետ Ալ Մալիքիէն եւ ամերիկեան իշխանութիւններէն խնդրեց որ ընդունին իրենց պատասխանատուութիւնները Մուսուլի մէջ քրիստոնեաներու կրած բռնութիւններու։ Նոյնպէս ան կոչ ուղղեց իսլամ աշխարհին, խնդրելով որ դատապարտէ այն ինչ որ կը պատահի Մուսուլի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.