2008-10-31 14:00:38

լուրեր հայ աշխարհէն


Մինսքի խմբակի համանախագահներու հանդիպումը Մոսկուայի մէջ

Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 1 նոյեմբերին, ապա 2 նոյեմբերին նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ։ Այսօր 31 Հոկտեմբերին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու նախապատրաստական հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ որմէ ետք վաղը մէկ Նոյեմբերին ալ երեք արտգործ նախարարներու հանդիպումը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ ։

Գալով ղարաբաղեան հարցին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան համոզում յայտնած է , որ լուծում կրնայ ըլլալ՝ եթէ Ազրպէյճան դրսեւորէ քաղաքական կամք։ Ըստ Նալբանդեանի, Հայաստան բազմիցս զսպողական մօտեցում ցուցաբերած է, քանի որ Հայաստան իսկապէս հարցը լուծելու մեծ ցանկութիւն ունի, եւ լուրջ կը վերաբերի բանակցութիւններուն նկատմամբ։



Լեռնային Ղարաբաղ - Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը վերջերս առաջին ընթերցումով ընդունած է հանրապետութեան դրօշի, զինանշանի եւ քայլերգի մասին օրինագիծերը։

Նախագիծերու քննարկումը պայմանաւորուած է Ղարաբաղի պետական խորհրդանիշներու կարավիճակը օրէնքի մակարդակի հասցնելու սահմանադրական պահանջով։ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանադրութիւնը ընդունուած է հանրաքուէով՝ 10 դեկտեմբեր 2006-ին։



Աշխարհահռչակ Երաժիշտներ՝ Ճիւան Գասպարեանի Յոբելեանին

Հանրայայտ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի ծննդեան 80ամեակի առիթով, Մարզահամերգային համալիրին մէջ 11 Նոյեմբեր 2008-ին կայանալիք Ճիւան Գասպարեան եւ ընկերներ համերգին մասնակցելու համար, Հայաստան պիտի երթան աշխարհահռչակ աստղեր Իտալիայէն, Մեծ Բրիտանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն. յիշենք անոնցմէ՝ Փիթըր Կապրիէլ, Ծուքքերօ, Փլանեթ Իքս, եւ այլ աստղեր ու աշխարհահռչակ խումբեր, որոնք Գասպարեանի հետ հանդէս եկած են տարբեր բեմահարթակներու վրայ։ Լրագրողներու հետ հանդիպում ունենալով հայազգի տուտուկահարը յայտնած է, թէ իր հիւրերը Երեւանի մէջ հանդէս պիտի գան նաեւ առանձին համերգներով։ Իր 80ամեակը, որ լրացած էր Հոկտեմբեր 12ին, Ճիւան Գասպարեան նշած էր ընկերներու եւ հարազատներու հետ։ Ըստ Գասպարեանի, յատուկ կարիք չկար իր յոբելեանը այսպէս մեծ միջոցառումով նշելու, Բայց մտածեցինք, որ ըսաւ ան, թող մի տօնական օր լինի մեր ժողովրդի համար, որպէսզի մեր ժողովուրդը լաւ համերգներ նայի։ Որեւիցէ մէկը չի կարող տեսնել Փիթըր Կապրիէլին Երեւանում։ Որեւիցէ մէկը Ծուքքերոյին չի կարող տեսնել Երեւանում։



Հայաստանի Մէջ Պիտի Բացուի Հրանդ Տինք Հիմնադրամի Մասնաճիւղ

Պոլսոյ Ակօս թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, անոր ընտանիքին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է Հրանդ Տինք միջազգային հիմնադրամը։ Հ. Տինքի եղբայրը՝ Երուանդ Տինք յայտնած է, թէ աշխատանք կը կատարուի Հայաստանի մէջ Հիմնադրամին մէկ մասնաճիւղը բանալու նպատակով։ Այլ մասնաճիւղեր պիտի բացուին նաեւ Լոս Անճելըսի եւ Սիտնիի մէջ։ Հիմնադրամին նուիրատուութիւնները պիտի հանգանակուին միայն կազմակերպութիւններու կողմէ, իսկ հաւաքուող գումարները պիտի տրամադրուին բարեգործական նպատակներու, ազգերու միջեւ փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան հաստատման նպաստող աշխատանքներու։

Յիշեցնենք, որ Հ Տինք սպաննուած է 2007ի Յունուար 19ին, Ակօսի խմբարատան մօտ։ Ներկայիս ամբաստանութիւններ ուղղուած են 19 կասկածեալներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.