2008-10-30 14:10:41

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետին գործունէութիւնը


 Հինգշաբթի 30 հոկտեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը ընդունեցաւ.

Տիկին ԱննըԼեհի` Գանատայի նոր դեսպանը, որ Նորին Սրբութեան ներկայացուց իր հաւատարմագրերը։

Անոր ուղղած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս ընդգծեց դարաւոր կապը որ կայ Ս. Աթոռի եւ Գանատայի միջեւ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահայանապետը Գանատա կատարած այցելութեան մը ընթացքին ընդգծած էր թէ գանատացիները ժառանգորդներ են արտակարգօրէն հարուստ մարդաբանութեան մը, շնորհիւ ձեր բազմամշակութային տարրերուն։

Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց սերտ կապերու վերահաստատումին Գանատայի բնիկներու եւ կաթողիկէ հասարակութեան միջեւ։ Նոյնպէս իր խնդակցթիւնր յայտնած է որ Գանատան կը համագործակցի միջազգային բազմաթիւ ձեռնարկներու մէջ, լուծում գտնելու մեր ժամանակակից մարդկութեան մարտահրաւէրներուն։Ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ քրիստոնէութիւնը մեծապէս սատարեց գանատական ընկերուիթեան կազմաւորման։Մաղթանքս է որ շարունակէք պաշտպանը հանդիսանալ կեանքի եւ ընտանիքի։ Հուսկ Նորին Սրբութիւն խօսեցաւ եկեղեցական հաստատութիւններու ներկայութեան եւ մասնաւորապէս կաթողիկէ դպրոցներու բերած սատարին նոր սերունդին ճամբելով մարդկային ու հոգեւոր դաստիարակութիւն ու կազմաւորում։ Իր խօսքին աւարտոն Սրբազան Քահայանապետը նոր դեսպանէն խնդրեց ողջունելու Գանատայի կաթողիկէ հասարակութիւնը։ Անոնք յանձնառումով կը գործեն ընկերութեան մէջ, հետապնդելով մարդու ամբողջական բարիքը։ Նոյնպէս` նոր դեսպանին մաղթեց յաջողութիւն իր նոր պաշտօնին համար յոյս յատնելով որ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն ներդաշնակ կապերը որ կան Գանատայի եւ Ս. Աթոռի միջեւ աւելի ամրապնդուին։

Գանատայի նոր դեսպանը տիկին Անն Լեհի ծնած է Գեպէք նոյեմբեր 18 1952ին։ տնտեսագէտ եւ 1973ին մտած է դիւանագիտական մարզին մէջ։ Եղած է դեսպան. Գամերուն, Լեհաստան եւ դաշնակցային Ռուսիա։



Ապա Սրբազան Պապը յաջորդաբար ընդունեց։




 








All the contents on this site are copyrighted ©.