2008-10-30 14:15:15

Լուրեր հայ աշխարհէն


 Հ Հ արտաքին գործոց նախարարի այցը Լոնտոն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Լոնտոն կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպած է բրիտանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Է Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները, արցախեան հիմնահարցի հանգուցալուծման կարելիութիւնները, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը։ Խօսելով հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին՝ Նախարար Նալբանդեան բրիտանահայութեան ներկայացուցիչներուն ըսած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մտադիր են որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնել Սփիւռքի հետ համագործակցութիւնը, եւ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը այդ նպատակը կը հետապնդէ։ Նալբանդեան նաեւ պատասխանած է բրիտանահայութիւնը յուզող բազմաթիւ հարցումներու։



Մեծ Թիւով Ռուսահպատակ Հայեր Ներկայացուցած Են Հայաստանի Քաղաքացիութեան Դիմումնագրեր

Հարաւային Ռուսիա բնակող բազմաթիւ հայեր արձագանգած են Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութեան եւ տասնեակ մարդիկ արդէն դարձած են Հայաստանի քաղաքացիներ յայտարարած է Ռուսիոյ Հարաւային մարզին մօտ Հայաստանի հիւպատոս Արարատ Գոմցեան։ Ըստ հայ դիւանագէտին, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ ցանկացող ռուսահայերուն թիւը շատ մեծ է, նշեալ բարդ գործընթացը շատ ուշ սկսած է սակայն գլխաւորն այն է, որ Հայաստան կարողացաւ, դրսեւորելով քաղաքական կամք եւ ուժ՝ փոփոխութիւններ կատարել Սահմանադրութեան մէջ, յանուն Հայաստանէն դուրս բնակող հայրենակիցներուն։



Հայագիտական Նիւթեր Կը Ներկայացուին Ամերիկեան Ուսմանց Միութեան Համագումարին

19 Հոկտեմբեր 2008-ին, Նիւ Մեքսիքօ-ի Ալպըքըրքիի մէջ, Ամերիկեան ուսմանց միութեան տարեկան համագումարին ընթացքին ներկայացուեցան Պատմութեան ազդեցութիւնը ինքնութեան վրայ ու ամերիկահայութեան երրորդ սերունդին պարագան, ընդհանուր խորագրին տակ քանի մը ուսումնասիրութիւններ։ 1951էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով , հայագիտական նիւթերու նուիրուած ուսումնասիրութիւններու փունջ մը կը ներկայացուէր համագումարին։ Ներկայացուեցան Նիւ Եորքի նահանգային համալսարանէն դասախօս՝ Քիմ Հիուիթի, Ռոտ Այլընտի Պրայնթ համալսարանէն դասախօս՝ Ճէնիս Օքումեանի, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն դոկտ Ռուբինա Փիրումեանի եւ դոկտ Լիա Սնայտըրի ուսումնասիրութիւնները։

Ներկաները յոյժ հետաքրքրական գտան ներկայացումները, յատկապէս որովհետեւ անոնցմէ շատերուն համար նորութիւն էր այս նիւթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.