2008-10-29 13:53:07

Լուրեր հայ աշխարհէն - Նախագահ Սարգսեան ընդունեց Նիկերիոյ նոր նշանակուած դեսպանը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի այցը Քոսովօ


Նախագահ Սարգսեան ընդունեց Նիկերիոյ նոր նշանակուած դեսպանը

Հայաստանի մէջ Նիկերիոյ նոր նշանակուած դեսպան Մոհամմտու Ապուպաքար Չիքա որուն նստավայրը Թեհրան է, երեքշաբթի 28 հոկտեմբեր 2008-ին իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի։

Հայրենի նախագահը նշած է, որ անհրաժեշտ է բազմակողմանի տեղեկատուութիւն փոխանակել երկու երկիրներուն միջեւ՝ ճշդելու համար համագործակցութեան հաւանական մարզերը։ Ան կարեւոր նկատած է նաեւ փոխադարձ գործակցութեան համար անհրաժեշտ իրաւական-պայմանագրային դաշտի ձեւաւորումը։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են միջազգային ատեաններու, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի եւ Նիկերիոյ գործակցութեան սերտացման հարցերուն։



Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի այցը Քոսովօ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Չորեքշաբթի 29 հոկտեմբեր 2008-ին երկօրեայ աշխատանքային այց կը կատարէ Քոսովօ։ Այցելութեան շրջանակներուն մէջ նախարարը պիտի հանդիպի հայ զինուորներուն հետ, որոնք բազմազգ զօրամասի յունական վաշտի կազմին մէջ խաղաղարար առաքելութիւն կիրականացնեն։ Հայրենի նախարարը նաեւ պիտի հանդիպի թէ՝ յունական վաշտի հրամանատարութեան, եւ թէ Քոսովոյի մէջ կարգուկանոնի պահպանման միջազգային բազմազգ ուժերու հրամանատարին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.