2008-10-29 10:40:13

Արամ Ա կաթողիկոս Ժընեւի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար


Քանի մը օր առաջ, Ժընեւի մէջ Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Սեմ Քոպիան։ Սոյն հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի փոխատենապետ Թենի Փիրրի Սիմոնեան։Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործակցութիւնը աւելի զարագցնելու կարելիութիւնները, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յառաջիկայ ծրագիրներու մասին։ Նշենք, որ վերոյիշեալ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ ամիս վեհափառին Վատիկան տալիք պաշտօնական այցելութեան առնչուած ծրագիրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.