2008-10-28 14:31:55

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը կ՚ ընդունի Փիլիփեաններու նոր դեսպանին հաւատարմագրերը։


Երկուշաբթի 27 հոկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը ընդունեց տիկին Քրիստինա Գասդանյեր-Փոնսի` Փիլիփեաններու նոր դեսպանի հաւատարմագրերը։ Իր ուղղած ճառով, Սրբազան Պապը մաղթեց որ գաղթականութեան քաղաքականութեան կարգաւորումը հիմնուի արդարութեան ու հաւասարակշռութեան սկզբունքի վրայ դիւրացնելու ընտանիքներու վերամիացումը։ Նշենք թէ Փիլիփեաններու մէջ ներկայիս տեղի կ՚ ունենայ գաղթականութեան եւ բարգաւաճումի համաշխարհային համագումարը։ 27-30 հոկտեմբեր Մանիլիա կազմակերպուող համագումարը ունի որպէս նիւթ. գաղթականութիւն եւ բարգաւաճում։

վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած նոր դեսպանը` Քրիստինա Գասդանյեր-Փոնս 71 տարեկան է, կրթութեամբ երաժշտագէտ։ Մինչեւ օրս ան աշխատկցած է առանձնական մարզերու մէջ։ Փիլիփեաններու բնակչութեան 80 տոկոսը կաթողիկէ է։ Մահմետականները կը ներկայացնեն երկրին 7 տոկոսը, բողոքականները 4 տոկոսը իսկ պուտտայականները 1,5 տոկոսը։





Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը դարձեալ կոչ կ`ուղղէ Արեւելքի քրիստոնեաներու ի խնդիր։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը միանալով Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն կոչ ուղղած է Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան, եւ մասնաւորապէս Իրաքի եւ Հնդկաստանի քրիստոնեաներու։ Ան միջազգային հասարակութեան, կրօնապետերու եւ բարի կամք ունեցող մարդոց ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Ասիայի կարգ մը երկրիներու մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւններուն , ուր քրիստոնեաները թիրախ են անհանդրժողութեան եւ անողորմ բռնաբարութիւններու, սպաննուած կամ հալածուած տունէն հեռանալու եւ այլ երկիրներու մէջ ապաստան գտնելու։

Սրբազան Պապը խնդրեց աշխարհի քաղաքացիական ու կրօնական պատասխանատուներէն որ նշանակալից նախաձեռութիւններ առնեն այդ ուղղութեամբ պաշտպանը հանդիսանալու քրիստոնեայ եւ այլ կրօնի փոքրամասնութիւններուն։ իսկ Իրաքի եւ Հնդկաստանի իշխանութիւններէն խնդրեց որ ամէն ճիգ թափեն որպէսզի օրէնքը եւ համակեցութիւնը շուտափոյթ հաստատուին, որպէսզի պարկեշտ եւ հաւատարիմ քաղաքացիները վստահին պետական հաստատութիւններուն։

Նախապէս Արեւելքի պատրիարքները եւ առաջնորդները կոչ մը ուղղեցին խաղաղութեան ու կրօնական ազատութեան ի խնդիր Ս. Երկրի մէջ, լիբանան, Իրաք եւ Հնդկաստան, պահանջելով մասնաւորապէս ճշմարիտ կրօնական ազատութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.