2008-10-28 14:35:00

Լուրեր հայ աշխարհէն


 Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան Ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար երեք նախապայման կը մատնանշէ

հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ տեւական կրաւորական ժամանակաշրջանէ մը ետք ղարաբաղեան խնդիրի լուծման գործընթացը մտած է աշխուժ հանգրուան մը, որ պայմանաւորուած է առնուազն երկու կարեւոր հանգամանքով։ Ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի մէջ աւարտեցան նախագահական ընտրութիւնները, եւ երկրորդ՝ շրջանին մէջ տեղի ունեցած յայտնի իրադարձութիւնները անգամ մը եւս բոլորին համոզեցին, որ խնդիրի լուծման զինուորական ճամբայ գոյութիւն չունի։ Ղարաբաղեան խնդիրի լուծումը կարելի է, ընդգծած է հայրենի նախագահը, եթէ Ազրպէյճան ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, եթէ Լեռնային Ղարաբաղը ցամաքային սահման ունենայ Հայաստանի հանրապետութեան հետ, եւ եթէ միջազային կազմակերպութիւններն ու յառաջատար երկիրները երաշխաւորեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութիւնը։ Նախագահ Սարգսեան նաեւ ըսաւ որ տագնապի լուծման գործընթացը կընթանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակին մէջ՝ մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ եւ այլ միջնորդներ չկան՝ միակ միջնորդը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն են, Հայաստան երբեք որեւէ երկրի չէ դիմած՝ միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու խնդրանքով։ Մենք, ըսած է Նախագահ Սարգսեան,ղարաբաղեան խնդիրի լուծումին շատ բան նուիրաբերած ենք, որպէսզի աչք փակենք կամ չնկատելու տանք շահարկումներու փաստերը։ Մենք նուիրական հարց կը լուծենք։ Մենք կարեւոր պատմական խնդիր կը լուծենք, եւ այս պատմական խնդիրի լուծման ընթացքին, եթէ ոեւէ մէկը կը փորձէ այլ շահ փնտռել, ապա ատիկա բարոյական չէ։





Նալբանդեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Բրիտանիա։

Հ Հ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Մեծն Բրիտանիա։ Հայրենի նախարարը Լոնտոնի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Բրիտանիոյ իր պաշտօնակիցին՝ Տէյվիտ Միլիպանտի, ինչպէս նաեւ պետական նախարար եւ Եւրոպայի հարցերով զբաղող նախարար Քերոլին Ֆլինթի հետ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պիտի հիւրընկալուի Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Համայնքներու պալատի հայ-բրիտանական միջխորհրդարանական համագործակցութեան պատգամաւորական խումբի անդամներուն հետ։ նախատեսուած է նաեւ Նալպանտեանի ելոյթը միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հիմնարկին մէջ, որ Եւրոպայի գիտական եւ փորձագիտական մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.