2008-10-28 14:33:31

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն


Սահակաշվիլի կը պաշտօնազրկէ Վրաստանի բարեկարգչական վարչապետը - Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի երկուշաբթի օրը նոր վարչապետի մը անունը առաջարկեց, եւ կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ ան նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը յայտարարէ։ Սահակաշվիլի յայտնեց, որ խորհրդարանէն պիտի խնդրէ վաւերացնել 35-ամեայ Կրիկոլ Մկալոպլիշվիլիի թեկնածութիւնը՝ փոխարինելու համար նախկին վարչապետ Լատօ Կուկենիծէն։ Թուրքիոյ մէջ Վրաստանի դեսպան Մկալոպլիշվիլի իր ուսումը ստացած է բրիտանական Օքսֆորտ համալսարանին մէջ։

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման կ՝ըսէ Փիթըր Սեմնեպի –

Երկուշաբթի օրը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընդունելով Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրորպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպին, յայտարարած է, որ Հայաստան կը ձգտի աւելի մօտենալ Եւրոպային, կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու ընդլայնումը եւ այդ ճամբուն վրայ կ՝ակնկալէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնն ու օժանդակութիւնը։

Ս. Սարգսեան եւ Փ. Սեմնեպի խօսած են շրջանային զարգացումներու, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման գործընթացին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին։

Սեմնեպի ողջունած է Հայաստանի նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ՝ աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու երկու դրացի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը բարձր գնահատած է նաեւ 1 մարտի իրադարձութիւններուն հետ կապուած փաստահաւաք խումբի ստեղծումը եւ խումբի աշխատանքներուն մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան ներգրաւումը



Փաքիստան - Փաքիստանցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ երկուշաբթի օրը հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ հրթիռային հարուած մը քսան զոհ պատճառեց։ Հրթիռային հարուածը տեղի ունեցաւ հարաւային Ուազիրիստան շրջանին մէջ, ուր Քայիտայի ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենը եւ իր փոխանորդը Այման Զաուահիրին պահուըտած են։ Փաքիստանեան գաղտնի սպասարկութիւններէն երկու պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Մանտաթա Ռաղզա գիւղին մէջ թիրախ դարձած տունը կը պատկանէր տեղւոյն թալեպան ղեկավար Մաուլաւի Նազիրի օգնականին։

Պաշտօնատարները նշեցին, որ զինեալները անմիջապէս փակած են դէպքին վայրը, եւ փլատակներուն տակէն դուրս բերուած քսան դիակներուն ինքնութիւնը յայտնի չէ դարձած։

Միւս կողմէ, Աֆղանիստանի սահմանամերձ Քուեթա քաղաքին մէջ կառավարական շէնքերու եւ իրանեան հիւպատոսարանին մօտ գտնուող ինքնաշարժներու կառատան մը մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ՝ պատճառելով երկու զոհ եւ տասը վիրաւոր։

Աֆղան պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ կեդրոնական Աֆղանիստանի մէջ զինեալներ փոխադարձ կրակոցներէ ետք վար առած են ամերիկեան ուղղաթիռ մը, իսկ հիւսիսային Աֆղանիստանի մէջ անձնասպանական գործողութեան մը պատճառով ոստիկանատան մը մէջ ամերիկացի երկու զինուորներ սպաննուած են։

Միջին Արեւելքի խաղաղութեան փրկութիւնը - Երկու ամիս առաջ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ քառակողմանի գերաստիճան մը՝ մասնակցութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, Քաթարի Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանին եւ հիւրընկալ նախագահ Պաշշար Ասատի։ Գերաստիճանին մասնակից ղեկավարները քննարկեցին ընդհանրապէս շրջանի ներկայ իրավիճակը, եւ անոնք համամիտ էին, թէ Միջին Արեւելքը կը գտնուի վտանգաւոր կացութեան մէջ։ Անոնք նաեւ հաստատեցին, թէ Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ, փոխանակ շրջանի բարդ իրավիճակին լուծում գտնելու, աւելի եւս կը սրէ արդէն իսկ տիրող լարուած մթնոլորտը։ Յայտնենք, որ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայիս հաւանական սպառնալիքներ կը նկատուին Իսրայէլի շարունակուող բախումները Կազայի մէջ Համասի, եւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի հետ, Իրաքի անկայուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի մեծագոյն վտագնը համարուող Իրան- Իսրայէլ / Միացեալ Նահանգներ լարուածութիւնը։ Նշեալ սպառնալիքներէն որեւէ մէկուն իրականացումը լուրջ վտանգի կ՝ենթարկէ Ծոցի շրջանի ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը։ Այս իմաստով Քաթար իր դիւանագիտական բոլոր միջոցները ի գործ կը դնէ կանխելու համար շրջանի մէջ նշեալ տագնապներու ստեղծման պարագային աննախատեսելի հետեւանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.