2008-10-27 14:17:35

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետի գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 27հոկտեմբեր 2008, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը յաջորդաբար ընդունեց.

Տիկին Քրիստինա Գասդայներ-Փոնս` Վատիկանի մօտ Փիլիպեաններու նոր դեսպանը։ Հանդիպումին ընթացքին դեսպանը Պենետիկտոս ԺԶ Պապին ներկայացուց իր հաւատարմագրերը։

ապա Նորին սրբութիւնը ընդունեց. կարտինալ Ճիովաննի Պադիսդա Ռէ ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, եւ կարտինալ Ռոժէ Մայքըլ Մահոնի` առաջնորդը ԱՄՆի Լոս Անջելոս թեմին։

իսկ կիրակի օրը, Սրբազան հայրը եպիսկոպոսական սիւնոդոսի փակման պատարագին ընթացքին իր ցաւը յայտնեց Չինաստանի եպիսկոպոսներու բացակայութեան համար։ Անոնց կարելիութիւն չտրուեցաւ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, իրենց ձայնը լսելի դարձնփլու եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսի աշխատանքներուն, յառելով` գոհութիւն մատուցանենք Աստուծոյ Քրիստոսի հանդէպ տածած սիրոյն համար, անոնց հաղորդութիւնը ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ ու անոնց ցուցաբերած հաւատարմութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Նշենք` թէ Չինաստանէն ոչ մէկ եպիսկոպոս կարողացաւ մասնակցիլ եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսի աշխատանքներուն սակայն եւ այնպէս ներկայ էին Հոն-Գոնկի, Թայուանի եւ Մագաւոյի առաջնորդները։



կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսի ընթացքին սիւնոդոսական հայրերը խնդրած են աւելի լայն տեղ տալ կիներուն եկեղեցւոյ մէջ։



Պենետիկտոս ԺԶ պապին ներկայացուցած 55 առաջարկներու մէջ, սիւնոդոսական հայրերը վերակոչած են Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը հրեաներու եւ մահմետականներու հետ, քարոզներու բարւոքումը եւ Ս. Գրքի տարածումը։ Այդ առաջարկներէն մէկուն մէջ սիւնոդոսական Հայրերը կը քաջալերեն աշխարհականները մասնակցելու Աւետարանի քարոզութեան, կիները` այդ ուղղութեամբ, կարեւոր դեր մը ունին կատարելիք եւ մաղթելի է որ կիներուն տրուի ընթերցողի պաշտօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.