2008-10-27 13:51:45

լուրեր հայ եկեղեցիէն


 Վերամուտ կիրակնօրեայ դպրոցներու

կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2008-ին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտական վերամուտն էր։ Արդարեւ, Լիբանանի մէջ գործող 13 կիրակնօրեայ վարժարանները իրենց դռները բացին՝ ընդունելու համար հայ աշակերտները եւ ազգային ու քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու՝ անոնց մէջ կերտելով իսկական քրիստոնեայ ու հայ մարդը։ Գաղութին մէջ տարուած քարոզչական աշխատանքը տուաւ իր արդիւնքը, երբ հարիւրաւոր աշակերտներ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ փութացին իրենց շրջանի կիրակնօրեայ դպրոցները։ Ակներեւ էր աշակերտներուն խանդավառութիւնը իսկ ծնողներուն քաջալերանքն ու գնահատանքը նոր թափ եւ ուժ ներարկեցին կիրակնօրեայ դպրոցներու առաքելութեան հաւատացող կամաւոր ծառայողներուն։

Ս. պատարագ եւ մատաղօրհնէք՝ Ս. Նշան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ։ կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2008-ին, նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Ս. պատարագը մատուցեց եւ օրուան առիթով իր պատգամը հաւատացեալներուն փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան։ Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ մարդու մը համար իր անձնական տունը կարեւոր է, որովհետեւ հոն կը պատսպարուի եւ ինքզինք ապահով կը զգայ։ Անդրադառնալով Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցիներու տօներուն, սրբազանը բացատրեց, թէ այդ տօնը հաւատացեալներուն ներկայութեամբ իմաստ ստացած տօն կը դառնայ։ Հայ եկեղեցին ազգին տունն է, շեշտեց սրբազանը՝ աւելցնելով, որ մենք պէտք է վերյիշենք, որ հայկական ազգային մեր ինքնութեան մէջ եկեղեցին իր տեղը ունի։ Առաջնորդ սրբազանը ցաւով յայտնեց, որ այսօր հայ եկեղեցին իբրեւ ժողովուրդի եկեղեցի կը փլի, նշելով միաժամանակ, որ ասոր պատճառը այն է, որ չկան հաւատացեալներ, որոնք գիտեն իրենց եկեղեցւոյ դաւանանքը։ Մեր եկեղեցին կանգուն պիտի մնայ իր հաւատացեալով, իր քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, որ պէտք է իր տեղը գտնէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, տուներուն եւ դպրոցներուն մէջ ու ամէն տեղ, ուր դաստիարակութիւն կայ, շեշտեց սրբազանը։ Անդրադառնալով կիրակնօրեայ վարժարաններուն՝ ան կոչ ուղղեց, որ հոն, ուր դաստիարակութիւն կայ ճիգ չխնայուի, որպէսզի եկեղեցւոյ հաւատքը տրուի նաեւ մեր զաւակներուն։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ սրբազանը բացականչեց. թող մեր ներկայութիւնը դառնայ իրական եւ մենք քարի պէս հաստատ մնանք մեր եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ՝ մեր հաւատքով եւ մեր հայրերու հայկական քրիստոնէական հաւատքի դրոշմով։








All the contents on this site are copyrighted ©.