2008-10-27 14:09:19

10-րդ տարեդարձ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի հիմնարկութեան

Կիրակի 26 Հոկտեմբեր 2008


Կիրակի 26 Հոկտեմբերին` Հռոմի հայ համայնքը հաւաքուած էր խուռներամ Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցին, ուր ան ներկայ կը գտնուէր հայածէս Սուրբ Պատարագին զոր մատոյց Լեւոնեան Վարժարանի Մեծաւորը, Գերյ. Հայր Յովսէփ Ծ. Վ. Քէլէկեան։ Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կ՛ապահովէին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը, ինչպէս նաեւ Լեւոնեան Դպրեվանքի աշակերտները, ղեկավարութեամբ Եղբայր Եղիշէ Ճանաչեանի։

Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք` կատարուեցաւ հակիրճ հանդիսութիւն մը, ուր խօսք առին յաջորդաբար` Տիկին Նուարդ Գրիգորեան, անդամ խորհուրդի, որ երեւան հանեց կարեւորագոյն ձեռնարկները որոնք իրագործուեցան այս տասնամեակի ընթացքին, ապա բեմ հրաւիրեց Հայաստանի դեսպանի հաւատարմատար` Պր. Տիգրան Սամվելեանը որ իր գնահատանքը յայտնեց Խորհուրդի տարած համահայկական աշխատանքին համար։

Ապա խօսք առաւ Վարժարանի մեծաւորը` Հայր Յովսէփ, որ դրուատեց Խորհուրդի գործունէութիւնը եւ անոր տուած աջակցութիւնը Վարժարանին, վեր առաւ մասնա-ւորապէս անոր համացանցային ուժգնութիւնը եւ ներկայութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ։ Մաղթեց ի վերջոյ յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն։

Քաջալարեկան խօսք մը ուղղեց նաեւ Մարքօ Թոզաթթի հրապարակագիրը եւ հեղինակը հայկական պատմութեան հետ կապ ունեցող գրքերու. Նմանապէս Հռոմի քաղաքապետարանին կողմէ եկած Պր. Ֆետերիքօ Ռոքքա Խորհրդատու երեսփոխանը, խօսք առնելով` յիշեց զանազան ձեռնարկներըորոնք կտարուած էին Հռոմի քաղաքա-ետարանին աջակցութեամբ եւ քաջալերանքով։

Ապա ցուցադրուեցան լուսաւոր պաստառի վրայ զանազան նկարներ 10-ամեայ գործունէութեան ընթացքին առնուած, որմէ ետք` ջութակահար Արկինէ Ստեփանեան ընկերակցութեամբ Տիանա Կարապետեանի, դաշնամուրի վրայ, մեզի հրամցուցին Կոմիտասի Կռունկը եւ Նօքթիւրն նուագը, խլելով ներկաներու խանդավառ ծափահա-րութիւնները։

Ապա Խորհուրդի անդամներէն` Ռօպէր Աթթարեան, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ պաշտօնական հրաւիրեալներուն, իրենց անվերապահ մասնակցութեան համար. Եւ հաւիրեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Ներսէս Պետրոս 19-րդ կաթողիկոսը իր պատգամը տալու։ Ան իր կարգին քաջալերեց Հռոմի Հայկական Խորհուրդը յառաջ տանելու իր ազգօգուտ գործունէութիւնը եւ շարունակելու միշտ սերտ գործակցութիւնը Լեւոնեան Վարժարանին հետ։ Յիշեց նաեւ թէ 2 շաբաթ առաջ, ուրբաթ 10 հոկտեմբերին, իր Լեւոնեան Վարժարանին մէջ գտնուող անձնական դահլիճին մէջ ընդունեցաւ Խորհուրդի բոլոր անդամները, իրենց հետ ծանօթանալու համար եւ իրենց տալու իր հայրական օրհնութիւնը։

Ի վերջոյ բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան Վարժարանի փակը եւ ճաշակեցին Խորհուրդի նախագահին` Սարկաւագ Միքայէլ Ճանճիի պատրաստած համեղ ճաշերը։ Ընդհանուր ուրախութեան ու գոհունակութեան մթնոլորտի մէջ` ներկաները բաժնուեցան յետ միջօրէին, Լեւոնեան Վարժարանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.