2008-10-26 17:42:38

Մշակոյթի Օրը Մեսրոպեանէն Ներս


Հայ դպրութեան այլ օճախներու նման, հայ լեզուի եւ մշակոյթի նկատմամբ արթնութիւն ու բծախնդրութիւն ցուցաբերող Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանը, այս Հոկտեմբերին եւս պանծացուց Մշակոյթի օրը, դպրոցի շրջափակէն ներս՝ աշակերտներուն, ծնողներուն ու հիւրերուն մօտ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով։

Դասաւանդութիւններուն աւարտէն ետք, հայերէն բաժանմունքի ուսուցիչներն ու աւարտական կարի ուսանողները լծուեցան ժրաջան աշխատանքի։ Դպրոցին իւրաքանչիւր անկիւն զետեղուեցան տարբեր տեսակի կրպակներ։ Վաճառքի դրուեցան հայկական գիրքեր՝ մանկական, պատանեկան, պատմուածքներ ու վէպեր, կային նաեւ հայերէն զանազան երգերու խտասալիկներ։

Ուշագրաւ էին դպրոցի արուեստի դասարանին ցուցադրած ձեռային աշխատանքները, որոնցմէ հայկականութիւն եւ հարազատութիւն կը բուրէր։

Տնօրէնութեան կարգադրութեամբ վարժարանս ժամանած Ալլա Լեւոնեան ելոթ ունեցաւ երգերով. ինչպէս Դեհ Երիր Արաքս երգը ։ Երգչուհին իր ելոյթը աւարտեց՝ կատարելով շարք մը ճոխ երգեր, որոնցմով խանդավառուած ներկաները կազմեցին հայկական շուրջպար ու երեկոյին ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.