2008-10-25 14:10:02

Վրացական Նոր Ոտնձգութիւններ Թիֆլիսի Հայկական Եկեղեցւոյ Դէմ։


Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմը, աւելի քան 400,000 վրաստանաբնակ հայութեան անունով իր մտահոգութիւնն ու վրդովմունքը յայտնած է՝ Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու կողմէ Թիֆլիսի Ս. Նորաշէն հայկական եկեղեցիին եւ անոր յարակից տարածքին դէմ կատարուող նոր ոտնձգութիւններուն առնչութեամբ։

Նշենք թէ` Ս. Նորաշէն հայկական եկեղեցին կառուցուած է 15րդ դարու կէսերուն եւ ի սկզբանէ մաս կազմած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմին։ 20րդ դարու 30ական թուականներուն եկեղեցին, այլ կրօնական կառոյցներու հետ, փակուած է հոգեւոր գործունէութեան համար եւ օգտագործուած՝ իբրեւ գրապահոց։ Վրաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք, իշխանութիւնները չեն վերադարձուցած եկեղեցին իր օրինական, պատմական տիրոջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.