2008-10-25 14:17:50

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ 50րդ Տարեդարձի Նշում։


Քանատա- Հովանաւորութեամբ Քանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ Յակոբեանի Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 50րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ։ Թեմի առաջնորդին եւ թեմական խորհուրդին առաջարկով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս շքանշաններ շնորհած էր կարգ մը անձնաւորութիւններու՝ հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ իրենց ցուցաբերած նուիրումին համար։

Մարաթոն 2008ի Աջակցութեան Համերգ։

Ստեփանակերտի մարզահրապարակին մէջ, անցեալ չորեքշաբթի օրը կազմակերպուեցաւ համերգ մը՝ նուիրուած Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ դրամահաւաք-մարաթոնին։

Ընթացքին ելոյթ ունեցան սիրուած երգիչներ եւ պարախումբեր։ Ըստ Հայաստան հիմնադրամին մօտիկ աղբիւրներու, կը նախատեսուի դրամահաւաք-մարաթոնի աջակցութեան ուղղուած համերգ մը եւս կազմակերպել Երեւանի մէջ։

Նշենք, որ հիմնադրամի Մարաթոնեան դրամահաւաքներու ընդմէջէն հանգանակուած գումարներով Հայաստանի եւ ԼՂՀի գիւղական համայնքներուն մէջ կը կառուցուին եւ կը վերանորոգուին ճանապարհներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, կազատարներ ու ջրատարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.