2008-10-25 13:57:37

Լուրեր հայ աշխարհէն


Երեք Ամիսներու Ընթացքին Արձանագրուած Է 11,529 Ծնունդ

ԵՐԵՒԱՆ- Այս տարուան Յուլիսէն Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին արձանագրուած է 11,529 ծնունդի դէպք։ Հ Հ Առողջապահութեան նախարարութեան բուժօգնութեան կազմակերպման, մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման բաժնի պետ Կարինէ Սարիբէկեան իր զեկոյցին մէջ ըսած է թէ, յիշուած ժամանակահատուածին, մայրաքաղաքին մէջ արձանագրուած է 5037 ծնունդ, իսկ մարզերուն մէջ՝ 6492։ Շիրակ մարզին մէջ ծնած երեխաներուն թիւը 1081 է, Տաւուշի մէջ՝ 339, Արարատի մէջ՝ 869, Վայոց Ձորի մէջ՝ 189, Կոտայքի մէջ՝ 838, Լոռիի մէջ՝ 902, Արմավիրի մէջ՝ 625, Արագածոտնի մէջ՝ 379, Գեղարքունիքի մէջ՝ 806, իսկ Սիւնիքի մէջ՝ 464։



Երաժշտական Փառատօնի Համերգ՝ Նուիրուած Հայաստան Հիմնադրամի Մարաթոնին

ԵՐԵՒԱՆ - Վերադարձ դասական երաժշտական երկրորդ փառատօնի կազմակերպիչ գրասենեակի համաձայն, Հոկտեմբեր 28ին, Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունենալիք եզրափակիչ համերգը պիտի նուիրուի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տարեկան մարաթոնին։

Համերգին ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը, դաշնակահար Սթիւըն Փրուտմանը եւ թաւջութակահար Սուրէն Բագրատունին ։

Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, Սեպտեմբեր 15ին սկիզբ առած փառատօնին գլխաւոր նպատակն է՝ փառատօնի շրջագիծէն ներս սփիւռքահայ երաժիշտներ հայրենիքի մէջ համախմբել։



Արաքս Գետին Մասին Տեսաժապաւէն՝ Հայ Եւ Թուրք Բեմադրիչներու Համագործակցութեամբ

ԵՐԵՒԱՆ - հայ եւ թուրք բեմադրիչներ ու բեմագիրներ համատեղ աշխատանքով վաւերարական ֆիլմ մը պիտի նկարահանեն Արաքս գետին մասին։

Տեղեկութիւններու համաձայն, ֆիլմին մանրամասնութիւնները քննարկելու համար, հայ եւ թուրք աշխատակիցները Հոկտեմբեր 9-10ին, Անգարայի մէջ ունեցած են հանդիպում մը, որուն հայկական կողմէ մասնակցած են բեմադրիչ Գէորգ Նազարեան, նկարիչ Վարդան Բաղդասարեան եւ Հայկական շուկայադրման ընկերակցութիւն հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արամ Նաւասարդեան, որ նշած է, թէ տեսաժապաւէնը նուիրուած պիտի ըլլայ Արաքս գետի կենսոլորտային խնդիրներուն, բայց նաեւ, պիտի շօշափէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ երկու ժողովուրդներուն բարեկամութեան հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.